ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկարակցութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի, 2 Ապրիլ 2014, Չորեքշաբթի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ստանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Հիւսէյին Աւնի Մութլուի։

Այստեղ համայնքի ընթացիկ հարցերու մասին զրոյց կատարուեցաւ։ Նորին Սրբազնութիւնը Կուսակալ Մութլուին շնորհակալութիւն յայտնեց իր հետաքրքրութեան համար։