ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՏԷ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Յունաստան՝ Կրէտէ Կղզի։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի Հերակլիոնի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ տեղւոյն համայնքը կը նախատեսէ պատշաճ շուքով արժեւորել այս փուլը։ Ծանօթ է, թէ Կրէտէ Կղզին կը գտնուի Աթոռոյս հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մէջ։ Ուստի, Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան նպատակն էր հետամուտ ըլլալ յոբելեանի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Կրէտէի Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Անտոնիս Պէնարտիս եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը։

Նոյն օրերուն Կրէտէ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Գերշ. Տ. Եզնիկ Ս. Արք. Պետրոսեան։ Արդարեւ, յառաջիկայ տարուան յոբելեանին առթիւ կը ծրագրուի, թէ Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութիւն մը շնորհէ Կրէտէ կղզիի Հայ համայնքին։ Ուստի, երկու սրբազանները միասնաբար ձեռնամուխ եղան նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Կրէտէի մէջ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Ս. Արք. Պետրոսեան ընդունուեցան նահանգապետ Սթաւրոս Արնաութաքիսի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Անտոնիս Պէնարտիս եւ գանձապահ Սանդի Աւետիսեան։ Նահանգապետին հետ զրոյցի ընթացքին սրբազանները մատնանշեցին, որ յաջորդ տարի նախատեսուած յոբելենական հանդիսութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, ինչ որ պատմական իմաստ կը ներկայացնէ։ Նոյն առթիւ Ստանպուլէն պարախումբ մը եւ երգչախումբ մըն ալ պիտի այցելէ Կրէտէ։ Սրբազանները ջերմ զրոյցի ընթացքին նահանգապետի նկատառման յանձնեցին, որ կ՚ակնկալեն տեղւոյն իշխանութիւններու թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական զօրակցութիւնը։ Իր կարգին, նահանգապետն ալ խոստացաւ շարժման անցընել իր լծակները եւ ցուցաբերել հնարաւոր աջակցութիւնը։ Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

GREDE VALISI

Երկու Սրբազանները Կրէտէի մէջ այցելեցին նաեւ քաղաքապետարան։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետը քաղաքէ դուրս կը գտնուէր՝ անոնք տեսակցեցան քաղաքապետի տեղակալ Արթիսթէա Փլեւրիի հետ։ Նոյն բացատրութիւնները փոխանցուեցան նաեւ քաղաքապետարանին մէջ։ Իր կարգին, փոխ-քաղաքապետն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց հնարաւոր աջակցութիւնը ցուցաբերելու ուղղութեամբ՝ որպէսզի լաւագոյնս արժեւորուի Կղզիի փոքրաթիւ հայ համայնքի այս կարեւոր յոբելեանը։

GREDE BELEDIYE

Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Ս. Արք. Պետրոսեան Կրէտէ Կղզիին մէջ ընդունուեցան նաեւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նորին Սրբազնութիւն Տ. Իրինէոս Մետրապոլիտին կողմէ։ Հոգեւոր հայրերու զրոյցը տեղի ունեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հարկ է նշել, որ Իրինէոս Մետրապոլիտ դասընկերն է Ն.Ս.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին եւ Կրէտէ Կղզին մաս կը կազմէ Յունաստանի այն 12 կղզիներու շարքին, որոնք կը գտնուին Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքարանի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մէջ։ Երկու Սրբազանները Մետրապոլիտին ալ բացատրութիւններ տուին յառաջիկայ տարուան յոբելեանին մասին։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ցոյց տալու համար իր օժանդակութիւնը։ Հանդիպման աւարտին նոյնպէս տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

GREDE METROPOLIT

Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Ս. Արք. Պետրոսեան մօտալուտ յոբելեանին շուրջ խորհրդակցեցան նաեւ Կրէտէի Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնց փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները։ Սրբազանները գնահատեցին Ծխական Խորհուրդի կողմէ տարուած աշխատանքը, որու շնորհիւ վառ կը պահուի Կրէտէի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կանթեղը։