ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒՆԱՑ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Kategori: Կրօնական,Միջեկեղեցական

HuynՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, ընկերակցութեամբ՝ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 9 Հոկտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, ժամը 12.00-ին այցելութիւն տուաւ Յունաց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի կողմէ։

DSC_8971Սրբազան Հայրը, յայտնեց թէ որպէս Տեղապահ, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ Յունաց Ծայրագոյն Պատրիարքին հետ։ Ինք անդրադարձաւ Գերմանիոյ Առաջնորդութեան շրջանին տեղւոյն Յունաց Առաջնորդին հետ ունեցած լաւ յարաբերութիւնները միջեկեղեցական յարաբերութեանց գծով։ Նորին Սրբազնութիւնը յիշեցուց թէ՝ անցեալին Գերմանիոյ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, բարձրորակ միջեկեղեցական արարողութեանց ծիրէն ներս իրարու հետ տեսակցելու առիթը ունեցած էին, Պոլսեցի բարձրաստիճան հոգեւորական ըլլալու հանգամանքով։ Այս այցելութիւնը առիթ մըն էր, անգամ մը եւս հանդիպիլ Պոլսոյ մէջ։ Բարթոլոմէոս Պատրիարք, յիշեց Հանգստեան Կոչուած Մեսրոպ Պատրիարքի հետ ունեցած եղբայրական յարաբերութիւնը եւ ցաւ յայտնեց, քանի հիւանդութեան հետեւանքով չէր կրնար գործել Նորին Ամենապատուութիւնը։ Յայտնեց թէ, տարբեր առիթներով կ՚այցելէր Ազգային Հիւանդանոց տեսնելու համար իր հոգեւոր եղբայրը։ Յիշեցուց թէ ինք երկար ժամանակէ ի վեր կը պաշտօնավարէ, որպէս Յունաց Ծայրագոյն Պատրիարք ու շեշտեց թէ երկար տարիներէ ի վեր Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներ, որպէս քոյր եկեղեցիներ սերտ յարաբերութիւն ունին մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ինք կը հետեւի Հայ Համայնքը հետաքրքրող լուրերով։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու շնորհաւորեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնին առթիւ։

IMG_3633Զրոյցի աւարտին, Բարթոլոմէոս Պատրիարքը, Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրեց պանակէ մը։ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց թէ Կրետէի մէջ կայացած եկեղեցական համագումարի մը առթիւ պատրաստուած էր պանակէներ, որոնց կեդրոնը կը գտնուէր Բիւզանդական շրջանէ մնացած Ս. Աստուածածնի եւ Յիսուս Մանկան սրբանկարի մը բնօրինակը։

Այցելութեան աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները առաջնորդուեցան Յունաց Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, ուր իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ Այս առթիւ Սրբազան Հօր բացատրութիւն տրուեցաւ եկեղեցւոյ մասին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հանդիպման աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւարսիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մէկտեղուիլ։

  • DSC_8971
  • Huyn
  • IMG_3633
  • IMG_3635