ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՇԸՎԹՈՆՅԻ ԲԵՆԵԴԻԿՏԵԱՆ ՎԱՆՔԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

244Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, Բերնդ Մուսսինկհոֆի եւ Ճէյսի Մանթուրութիլի, 20 Օգոստոս 2005, Շաբաթ առաւօտ, ինքնաշարժով ճամբորդեց դէպի Պելժիոյ Նամուր նահանգի Շըվթոնյը գիւղը (http://www.province.namur.be/atout/chevetogne/), եւ անպաշտօն այցելութիւն մը տուաւ տեղւոյն Բենեդիկտեան Վանքը՝ հաստատուած 1925-ին (http://www.monasterechevetogne.com/)։

Վանատան մուտքը, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ընկերակիցները ջերմօրէն դիմաւորուեցան Գերյ. Հ. Նիքոլաս Էկէնտէրի եւ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբան՝ Հոգշ. Հ. Եղիշէ Վրդ. Աւետիսեանի կողմէ։ Հայր Նիքոլաս՝ Պատրիարք Հօր աբեղայութեան շրջանին եւ ապա դեռ երկար ժամանակ Երուսաղէմի Սիոնի Լերան Սուրբ Մարիամ Բենեդիկտեան Միաբանութեան (http://www.hagia-maria-sion.net/engl/indexeng.html) աբբահայրն էր եւ այժմ հանգստեան կոչուած է Շըվթոյնի վանքին մէջ։ Իսկ Հայր Եղիշէ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Շըվթոնյը ուղարկուած է ուսումնասիրելու համար Բենեդիկտեան Հայրերու վանական-միաբանական հոգեւոր կեանքն ու կանոնները։

246

Վանատան ընդունարանին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները բարի գալստեան սուրճով պատուասիրուեցան Շըվթոնյի Աբբահայր՝ Գերյ. Հ. Ֆիլիփ Ֆանտէրհէյտընի կողմէ։

247

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները ներկայ եղան վանքի Սբ. Փրկիչ լատինածէս Եկեղեցւոյ ֆրանսերէն Ս. Պատարագին զոր մատոյց վանքի նախորդ աբբահայրը՝ Գերյ. Հ. Միշէլ ֆան Փարիյս։

248

Կէսօրուան ճաշը վանքի սեղանատան մէջ շուրջ 25 հոգիէ բաղկացող միաբաններուն հետ առնելէ ետք, Պատրիարք Հայրը վանքի զբօսասենեակին մէջ մէկտեղուեցաւ միաբան հայրերուն հետ, եւ ստորագրեց վանքի յուշամատեանը։
249
Աբբահայրը այստեղ յայտնեց, որ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք երկու անգամ այցելութիւն տուած է Շըվթոնյի Բենեդիկտեան վանքը։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ այս վանքին մասին ինք արդէն իր հոգեւոր ծնողէն լսած է առաջին անգամ եւ միշտ ուզած է այցելել։ Այս մէկը անպաշտօն այցելութիւն է եւ առաւելաբար իր վաղեմի բարեկամը Հայր Նիքոլասը տեսնելու համար առնուած անակնկալ որոշումով մը իրականացած է, սակայն մօտիկ ապագային կը ծրագրէ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս պաշտօնական այցելութիւն մը կատարել։ Աբբահայրը Շըվթոնյի վանքը յիշեցնելիք գեղեցիկ նուէրներ յանձնեց, որուն համար իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պատրիարք Հայրը։
Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները ապա առաջնորդուեցան վանքի Սբ. Խաչվերաց բիւզանդածէս եկեղեցին, ուր երգուեցաւ «Այսօր ժողովեալ սրբոց…» շարականն ու Տէրունական Աղօթքը։
Այնուհետեւ Նորին Ամենապատուութիւնը Աբբահօր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եւ իր ընկերակիցներուն ցոյց տրուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ վանքէն հրաժեշտ առաւ մօտիկ ապագային վերստին այցելելու յոյսով։