ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՎԱՍԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Պայծառակերպութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Սվասի Հայ համայնքին։

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ընկերակիցները 24 Յուլիս 2017, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Սվաս եւ դիմաւորուեցան տեղւոյն ազգայիններէն՝ Երուանդ Տուրմազկիւլէրի ու Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։ Անոնք ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։ Յիշատակուեցան Սվասի երբեմնի առաջնորդները, հոգեւոր ու ազգային սպասաւորներն ու տեղւոյն հանգուցեալ հաւատացեալները։

Նոյն օր, ժամը 15.00-ին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ընկերակիցները քաղաքավարական այցելութիւն տուին Սվասի Քաղաքապետ Սամի Այտընի։ Հայր Սուրբը փոխանցեց Տեղապահ Սրբազան Հօր ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գերեզմանատան բարեզարդման համար տարուած խնամքին։ Աւելի քան մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի ընթացքին ինչ ինչ հարցերու մասին կատարուեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Այցելուները, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն հանդիպման համար։

SIVAS 2017

Ապա այցելութիւն տրուեցաւ քաղաքի երիցագոյն անդամ՝ Հերիգնազ Մայրիկին եւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարուեցաւ իրեն։

SIVAS 2017 3

Ժամը 21.00-ին Տուրմազկիւլէր ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Հայր Սուրբը Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց միասնականութեան կարեւորութիւնը, ազգային ու մշակութային արժէքներու կապուած մնալու հրամայականը։ Ան ընդգծեց նաեւ հաղորդութիւն ստանալու եւ Ս. Գրքի ընթերցման կարեւորութիւնը հաւատքի զօրացման համար։

SIVAS 2017 2

Յաջորդ օր, ժամը 16.30-ին այցելուները օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։ Այցելութեանց ընթացքին Սեբաստիոյ մերազն համայնքի անդամները մեծապէս ուրախ էին, Պայծառակերպութեան Տաղաւարի առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։