ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Միջկրօնական

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, իր հետն ունենալով Դիւանապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Արժ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը 5 Օգոստոս 2019, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Ստանպուլի նորանշանակ Միւֆթի՝ Մէհմէտ Էմին Մաշալըն։
Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց Յարգելի Միւֆթին իր նոր պաշտօնին մէջ եւ շեշտելով երկխօաութեան դերը խաղաղութեան մէջ, յաջողութիւն մաղթեց։

2019 ISTANBUL MUFTUSU
Միւֆթի Մաշալը եւս յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր ու շեշտեց, թէ ուրախութեան առիթ էր իրեն համար սոյն այցելութիւնը։
Մտերմիկ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութենէն ետք Տեղապահ Սրբազանը Պատրիարքարանի Թանգարանի մասին երկհատոր գիրքերէն նուիրեց Միւֆթիին եւ հրաժեշտ առաւ։