ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՎԱՆՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային
311659056_408852728117965_4352312795326552551_n
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, պաշտօնական այցելութիւններէ ետք, այցելեց քաղաքի մերձակայ Վէնք (Վանք) գիւղի մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երբեմնի եկեղեցին։ Այս եկեղեցին աղօթատունն էր երբեմնի համանուն վանքին, նորոգուած եւ ստոյգ փլուզումէ ազատած էր Քաղաքապետութեան ջանքերով։ Եկեղեցւոյ շրջապատը բարեզարդուած էր եւ կը պարզէր ներկայանալի տեսարան մը։
Այստեղ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուեցաւ կարճ արարողութիւն մը, որու աւարտին հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Վանքի վախճանեալ վանահայրերն ու միաբանները, ինչպէս նաեւ գիւղաբնակ ննջեցեալները։
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարք Հայրը, 20 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի իրիկուն, քաղաքապետարանի հիւրանոցի առանձնասրահին մէջ նախագահեց քաղաքի համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Այստեղ ներկաներ առիթն ունեցան զրուցելու մեր Հոգեւոր Պետին հետ եւ զիրենք հետաքրքրող հարցումներուն պատասխան ստացան։
Ընթրիքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, յանուն Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութեան՝ ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճի, յանուն Մալաթիոյ հայոց՝ Սէրտար Պօյաճը եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։
Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փակման խօսքով եւ աղօթքով։
  • 311621564_408852174784687_5821407962970994047_n
  • 311659056_408852728117965_4352312795326552551_n
  • 311469759_408852491451322_3577119205735965088_n
  • 311776562_408853144784590_7919800715213562612_n