ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Kategori: Աշխարհական

van valiՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 09 Սեպտեմբեր 2013, Երկուշաբթի, ժամը 09.00-ին, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Վանի կուսակալ Այտըն Նէզիհ Տօղանը։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ անցեալ տարիներուն նման եկած էր Աղթամարի ուխտագնացութիւնը գլխաւորելու։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորեց կուսակալը, որ նոր ձեռնարկած էր իր պաշտօնին։ Իբրեւ յիշատակ այս այցելութեան, նուիրեց փայտեայ պտղաման մը։  Կուսակալ Տօղան, շնորհակալութիւն յայտեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ Նորին Սրբազնութեան նուիրեց Աղթամարի նկար մը։

Սրբազան Հայրն ու Հայր Զաքէոս, միջօրէին մեկնեցան Անգարա, ուր դիմաւորուեցան Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի կողմէ։ Իսկ Հայր Զաքէոս, Անգարայէն հասաւ Ստանպուլ։