ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԴԷԱՑԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

22154431_838429466316938_2317724416619857456_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, ընկերակցութեամբ՝ Դիւանապետ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 3 Հոկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելութիւն տուաւ Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Քորեպիսկոպոս Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանի։

Սրբազան Հայրը, յայտնեց թէ որպէս Տեղապահ, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ քաղաքի Քաղդէացի համայնքի հոգեւոր պետին հետ։ Զրոյցի պահուն անդրադարձուեցաւ միջեկեղեցական յարաբերութեան կարեւորութեան։ Երկու հոգեւոր առաջնորդներ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց համայնքներուն մասին։
Հանդիպման աւարտին Մոնս. Ֆրանսուան, Քաղդեյերէն տառերու մասին իր հեղինակած աշխատասիրութենէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Քաղդէացի համայնքը ծանօթացնող գիրքէն օրինակներ նուիրեց Նորին Սրբազնութեան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հանդիպման աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւարսիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մ մէկտեղուիլ։