ԱՆԳԼԻԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

ingilizԱնգլիահայ 17 հոգինոց ուխտաւորաց խումբ մը, գլխաւորութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի, 4 Հոկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը եկած էին Թուրքիայ, այցելելու համար զանազան տեսարժան վայրեր։ Իրենց Ստանպուլի կեցութիւնը առիթ համարելով, փափաքած էին տեսնել Պատրիարքարանն ու համալիրը։ Վահան Սրբազան յայտնեց թէ ինք առաջին անգամ կ՚այցելէր այս պատմական հաստատութիւնը։ Խումբին մէջ կը գտնուէին նաեւ նախկին Պոլսահայեր։ Խումբին անդամներուն համար պատմական երդիքի մը տակ գտնուիլը մեծ ուրախութիւն էր։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Անգլիահայ ուխտաւորները ու Պատրիարքական Աթոռոյս եւ Հայ համայնքի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։  Յայտնեց թէ այս ուխտագնացութիւնը իրենց համար լաւ առիթ մը պիտի ըլլար աղօթելու եւ իրենց հաւատքի կեանքին մէջ զօրանալու համար։ Իրենց մաղթեց բարի կեցութիւն եւ արդիւնաբեր ուխտագնացութիւն մը։

Մօտաւորապէս կէս ժամուայ այցելութեան աւարտին, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Արամ Սրբազան Հօր ու շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց համար եղած հիւրասիրութեան համար։

Ուխտաւորներ աւելի յետոյ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար։ Ուխտաւորներ այստեղ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը եւ տեղեկութիւններ ստացան եկեղեցւոյ անցեալի մասին։

Ուխտաւորաց խումբը գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին Աթոռանիստ Մայր Տաճարէն։