ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԴԱՍԱԽՕՍ՝ ՏՔԹ. ՃԱՆԸԹԸՆ ՔՕՆՔԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Jonathon ConlinՍաութհեմփթըն Համալսարանի դասախօսներէն Տքթ. Ճանըթըն Քօնքին, ընկերակցութեամբ Հերման Օհանեանի, 27 Նոյեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուն, գիտական աշխատանք կը տանէր Կիւլպենկեան Ընտանիքի, յատկապէս ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպենկեանի մասին։ Այս շրջագիծով, ան եկած է Ստանպուլ աւելի ընդարձակելու համար իր պրպտումները։ Կեցութեան օրերուն, Գալուստ Կիւլպենկեանի մկրտուած եկեղեցին եւ շարք մը համայնքային հաստատութիւններու առընթեր, փափաքած էր նաեւ այցելել Պատրիարաքարանը։

Տքթ. Ճանըթըն Քօնքին, իր աշխատութեան մասին որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբազնութեան։ Սրբազան Հայրը, իրեն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ գնահատեց իր աշխատանքը եւ մաղթեց որ իր աշխատութիւնը յաջողութեամբ պսակուի։

Հիւրը, տեսակցութենէ յետոյ, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց նաեւ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը։