ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Kategori: Եկեղեցական

isk5isk1 isk2Իսկենտերունի Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ, 9 Մարտ 2013, Շաբաթ, Ս. Քառասնից Մանկանց Տօնին։ ժամը 08.30-ին սկսան ժամերգութիւնները։ Ս. Պատարագը մատուցանեց՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, առընթերակայութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Բրկ. Արտէն Կսրկ. Տիքմէեան, Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Քըրանեան, Բրկ. Հերման Ուր. Դպ. Վէսքէ, Բրկ. Ղազար Ուր. Դպ. Սապունճու եւ Բրկ. Գամեր Ուր. Դպ. Գարաթայլը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ, առաջնորդութեամբ  Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Ուր. Դպ. Կալիպեանի։ Ուրախացուցիչ էր տեսնել Իսկէնտէրունի ժողովուրդէն շուրջ տասը պատանիներու մասնակցութիւնը Ս. Պատարագի երգեցուղութեան։ Անոնք մարզուած էին տեղւոյն Երէց՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ջանքերով։

Ճաշու գիրքը կարդաց Արժ. Տ. Տրդատ Քահանան, իսկ Ճաշու Աւետարանը կարդաց եւ Ս. Ընծայից վերաբերումը կատարեց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան։

 ՔԱՐՈԶ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը, փառք տալով Ամենակալին, որ հասած էին Իսքենտէրուն։ Նախ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ երէց՝  Տէր Աւետիս Քահանան, որ լծուած էր եկեղեցաշէն գործունէութեան։ Իր ծառայութիւնը արդէն իսկ սկսած էր իր պտուղները տալ։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նաեւ Իսքենտէրունի Ծխական Խորհուրդի անդամները։ Սրբազան հայրը Իսքենտէրունաբնակ հայ ժողովուրդին փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի հայրական ողջոյնները։ Բացատրեց Ս. Քառասուն Մանուկներու վարքը։ Ապա անդրադարձաւ Աստուածսիրութեան գաղափարին։ Քառասուն մանուկներ, որոնք իսկութեան մէջ Հոովմէական բանակին մէջ Քրիստոնեայ զինուորներ էին, ցոյց տուած էին թէ՝ Աստուծոյ սէրը կը գերադասէին, նոյնիսկ իրենց երիտասարդութիւնը, հանգիստը եւ իրենց համար խոստացուած պատիւները,իրենց կեանքը զոհելու աստիճան։ Սրբազան Հայրը իբրեւ օրինակ ներկայացուց նաեւ Աբրահամ Նահապետը, որ հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին ունեցած իր զաւակը՝ Իսահակը առանց պահ մը իսկ վարանելու յանձն առած էր Աստուծոյ համար զոհել։

Մաղթեց որ այս ուխտագնացութիւնը աւելցնէ Աստուծոյ նկատմամբ մեր սէրը եւ զօրացնէ մեր հաւատքը։

isk migisk mig2ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Յետ հոգեհանգստեան պաշտօնի, կատարուեցաւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի անդրանիկ որդւոյն մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդը։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, խորհուրդը կատարեց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեան։  Երախային կնքաւորներն էին Գամեր-Անէթ Գարաթայլը ամոլը։ Նոր մկրտեալ Մեսրոպ Մինաս, Սրբալոյս Միւռոնով դրոշմուեցաւ Սահակ Եպիսկոպոս Հօր ձեռամբ։

Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ շնորհաւորեցին Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը եւ Երէցկին Հայկանը, փոքրիկն Մեսրոպ Մինասի մաղթելով քաջառողջ եւ Աստուածային շնորհներով առատացած կեանք մը։

isk mig 3ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑ

Եկեղեցւոյ արարողութեանց աւարտին, հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ համախմբուեցան Իսկենտէրունի գերեզմանատան մէջ։ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն գերեզմանատան մէջ ամփոփուած հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Իսքենտէրունի Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Կարպիս Քըսատուրի, ճաշասեղան սարքեցին ի պատիւ Սրբազան Հօր եւ ներկայ հոգեւորականներուն։

Ատենապետ Կարպիս Քըսատուր շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած արարողութեանց համար որով շէնցուցած էին Իսքէնտէրունի Եկեղեցին։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական խորհուրդի աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար։ Այսպէս իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութեան Իսքենտէրունի մասը։

Հոգեւոր Հայրեր եւ ուխտաւորաց  խումբը հանրաշարժով ճամբայ ելան դէպի Անտիոք։

isk8

ԱՆՏԻՈՔ ԺԱՄԱՆՈՒՄ

Հոգեւորականներու խումբը ժամը 17.00-ին հասան Անտիոք։ Քահանայ հայրերը եւ սարկաւագները  ժամը 20.00-ին հասան Վագըֆգիւղ, ուր իջեւանեցաւ գիւղի հիւրանոցը։