Ասողիկ Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Պէյօղլու, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի

Նախագահ՝
Դպրապետ՝

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ Երգչախումբը կազմուած է 1926ին։ Խումբը երսեռ է ու կ՚երգէ Եկմալեան քառաձայն։ Դպրաց Դասը կը շարունակէ նաեւ երգելու միաձայն Մայր Եղանակաւ։ Առաջին վարիչը եղած է Ներսէս Խիւտավէրտեան։ Դպրաց Դաս Երգչախումբը Գարեգին Ա. Պատրիարքի կողմէ 1954ին անուանուած է որպէս ԱՍՈՂԻԿ երգչախումբ։ Դպրաց դաս երգչախումբի աշխատութեամբ հրատարակուած է Եկմալեան Պատարագի Բազմաձայն Երգեցողութեան Գիրքը։

1990-ական թուականներուն, Նշան Ուր. Դպ. Չալկըճեանի երաժշտապետութեան պաշտօնի նշանակումէն ետք, Դպրաց Դասուն մէջ կը ձեռնարկուի նաեւ մանուկներու դպրութեան աշխատանքներուն։ Տարիներու աշխատանքներու աւարտին, խումբ մը կը կազմուի որոնք եկեղեցական երգեցողութեան առընթեր կը սկսին մասնակցիլ համերգներու եւ ծանօթացնելու Հայ Եկեղեցւոյ շարականները։

Դպրաց Դասու երգեցողութիւնը արձանագրուած է նաեւ սկաւառակի վրայ։