ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

 

Թուրքիոյ Ասորի Կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղի հանգստեան կոչուելէն յետոյ նոյն պաշտօնին կոչուեցաւ Հ. Օրհան Ապտուլահատ Չանլը, որ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եուսսէֆ Գ. Եունանի ձեռամբ քորեպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ։

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Յուլիս 2017, Կիրակի ժամը 16.30-ին Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռի ներկայ գտնուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեան եւ յանուն Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր եւ Հայ համայնքին շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հոգեւոր պատասխանատու առաքելութեան մէջ։