ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

IMG_3523Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 3 Նոյեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթինն ու իր ընկերակիցները։ Ներկայ էին Պատակառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Մոր Ֆիլիւքսինոս Սրբազանը յայտնեց թէ փոխադարձ այցելութեամբփափաքած էր հանդիպում ունենալ Տեղապահ Սրբազան Հօր հետ։ Մտերիմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Հիւր Հոգեւոր Պետը ծանօթացուց իր ընկերակիցները ու մասնաւորապէս շեշտեց Հայ եւ Ասորի քոյր եկեղեցիներու միջեւ եղած սերտ յարաբերութիւնը։ Իրեն համար ուրախութիւն էր նաեւ յանձին Տեղապահ Սրբազան Հօր, երէց ու փորձառու հոգեւորականի հետ Պոլսոյ մէջ մօտէն ծանօթանալ։ Երկար ժամանակ առաջ, երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներ ծանօթանալու առիթը ունեցած էին արտասահմանի մէջ։ Հիւր հոգեւոր պետը հետաքրքրուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ զարգացումներով եւ իր կարգին մաղթեց որ Հայ համայնքը ի մօտոյ ունենայ իր Պատրիարքը։ Զրոյցի աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար ու նուիրուեց նաեւ գիրք մը։

IMG_3525Պատրիարքարանի հանդիմումէն յետոյ, Հիւրեր առաջնորդուեցան Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։ Տեղապահ Սրբազան Հայրն ու Ասորի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը, իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ Այս առթիւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Հանդիպման աւարտին Մոր Ֆիլիւքսինոս Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մէկտեղուիլ։