ԱՍՈՐՒՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

170811717_1819223354904206_7148017932681905930_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին, հիւրընկալեց Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, որուն կ՚ընկերանար Ասորի Պատրիարքական Փոխանորդարանի Դիւանապետ Մէլֆոնո Զէքի Տէմիր Սարկաւագը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տեղեկատուական Բաժանմունքի Վարիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Դիւանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։
171043423_1819223371570871_451650569251583697_nՄոր Ֆիլիւքսիոն Մետրոպոլիտը, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ դահլիճ, ուր երկու հոգեւոր առաջնորդներ զիրար ողջունեցին եւ Ասորւոց Առաջնորդը Հայոց Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Ասորի համայնքին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց։ Պատրիարք Հայրն ու Ասորւոց Առաջնորդը, զրուցեցին երկու եկեղեցիներու հետ առընչուած հարցերու շուրջ ու մասնաւորապէս կանգ առին թագաժահրի (քորոնա) համավարակի ստեղծած նեղութեանց վրայ։ Համայն աշխարհին ազդող այս համարակը պատճառ դարձած էր, որ եկեղեցիներու թէ՛ ծառայութեանց մէջ ընդհատումներ ըլլալ եւ թէ՛ ակամայ կաղան եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած փոխ այցելութիւններն ու յարաբերութիւնները։ Այս առումով, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդը Հայոց Ս. Զատկի առիթով փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել եւ յանուն իր համայնքին Հայոց Պատրիարքին իր եղբայրական շնորհաւորութիւնները անձամբ փոխանցել։ Երկու հոգեւոր պետեր, այս առիթով իրենց համայնքներուն եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի մասին զրուցեցին ու համայնքներէ ներս տիրող դրական երեւոյթներու մասին արտայայտուեցան։ Այս առիթով մաղթեցին, որ համավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ մարդկային իրականութենէն եւ եկեղեցիներ իրենց ծառայութիւնը կարենան շարունակել բնական հունին մէջ։170337044_1819223374904204_89011773445273150_nԱմենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, շնորհաւորական սոյն այցելութեան առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Մոր Ֆիլիւքսիոն Մետրոպոլիտին եւ իր անձին մէջ Ասորի համայնքին մաղթեց խաղաղ ու օրհնեալ օրեր։ Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց ի Քրիստոս եղբայրութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց թէ՝ յատկապէս այսօրուան դժուարին շրջանին առաւել եւս մխիթարական կը դառնար այս եղբայրութեան գոյութիւնը։

Պատրիարք Հայրը, յայտնեց թէ այս տարի համավարակի պատճառաւ արարողութիւնները դռնփակ կատարուած էին։ Սակայն Աթոռոյս «Լրաբեր» տեսալսողական ծառայութեան շնորհիւ բոլոր արարողութիւնները Աթոռոյ ընկերային ցանցերուն մէջ ուղիղ տեսասփռուած եւ արարողութիւնները հազարաւոր անձերու հասած էին։ Այս մէկը Աթոռոյս համար մեծ գոհունակութիւն ու մխիթարութիւն էր այս շրջանին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, այս այցելութեան առիթով նաեւ գեղեցիկ անակնկալ մը ըրաւ Մոր Ֆիլիւքսիոն Մետրոպոլիտին։ Յայտնեց, թէ վերջերս Աթոռոյս կողմէ պատրաստուած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին ձօնուած յուշամատեան մը, որուն մէջ լոյս տեսած էին նաեւ հոգեւոր առաջնորդներէ գրութիւններ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքի բազմաթիւ նկարները։ Ի փոխարէն այս յուշամատեանին, Սրբազան Մետրոպոլիտը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ երանութեամբ յիշատակեց Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը։

Այցելութեան աւարտին, Ասորւոց Մետրոպոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։
  • 170337044_1819223374904204_89011773445273150_n
  • 171043423_1819223371570871_451650569251583697_n
  • 170811717_1819223354904206_7148017932681905930_n