ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

Հայոց եւ Յունաց Պատրիարքներու 10 Սեպտեմբեր 2005 Շաբաթօրուան խորհրդակցութեան լուրին Պատրիարքարանի կայքէջինմիջոցով հրապարակումէն յետոյ, որոշ օրաթերթեր §ԵրկուՊատրիարքները՝ հակադրուած¦, §Պատրիարքները տարբերգաղափարներ ունին¦, §Յունաց եւ Հայոց Պատրիարքներըտարակարծութիւններ ունին¦ խորագրերով լուրին արձագանգհանդիսացան։ Մամուլէն եկող բազմաթիւ հարցումներուն իպատասխան, Պատրիարքարանիս Մամլոյ Բանբերը կը հրապարակէհետեւեալ լուսաբանութիւնը։

***

ՀԱՅՈՑ ԵՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՍՏԵՂԾԵԼՈՒ
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐæ ՀԱՄԱԿԱՐԾԻՔ ԵՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, թէ  Թուրքիոյ բոլորՔրիստոնեայ համայնքները ներկայիս նոր հոգեւոր մշակներու պէտքունին։ Որոշ քրիստոնեայ համայնքներու համար հոգեւորսպասաւորներու պակասը ծայրագոյն աստիճանի հասած է արդէն,քանի որ  հաւատացեալներու առօրեայ հոգեւոր կարիքներուն հասնելուհնարաւորութիւնն իսկ չկայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ§Ընդփոյթ Աստուածաբանութեան ուսուցման միջոցներստեղծելու¦ նիւթին շուրջ երկու Պատրիարքները բոլորովինհամակարծիք են, եւ կարելի չէ §երկու Պատրիարքներուհակադրութեան¦ արուեստական զրոյցներ տարածելով քողարկելճշմարտութիւնները։ Բուն նիւթը Պատրիարքները եւ իրենց փոխ-յարաբերութիւնները չեն, այլ նոր հոգեւոր սպասաւորներպատրաստելու հնարաւորութիւն ստեղծելու հրատապ հարցը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ըսաւ. §Արտասահմանէն եկածհոգեւորականներուն Թուրքիոյ մէջ կեցութեան եւաշխատութեան արտօնութիւն չի տրուիր։ Նաեւ Հայոց եւՅունաց դպրեվանքները 1970-ական թուականներունփակուած են։ Այս պատճառով Թուրքիոյ քրիստոնեայհամայնքները անճարութեան մատնուած են եւ ի մօտոյ պիտիդժուարանան մկրտութեան, պսակի եւ յուղարկաւորութեանարարողութիւնները կատարելու։ Քրիստոնեայփոքրամասնութեանց օրակարգին ամենաէականհիմնահարցերէն մէկը այս է որ լուծման կը կարօտի։ Անտեղիէ արուեստական օրակարգ ստեղծել¦։

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Կ՚ԱՌԱæԱՐԿԷ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷæ

Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը իր առաջարկին մասինարտայայտուեցաւ ըստ հետեւեալի. §Մեր առաջարկն էՍտանպուլի պետական համալսարաններէն մէկուն մէջ բանալԲաղդատական Աստուածաբանութեան (Comparative Theology)ամպիոն մը, որ ունենայ հայ, հրէայ, ասորի, կաթոլիկ,աւետարանական, յոյն եւ անտիոքեան ուղղափառ միաւորներ,որոնց մէջ կարելի ըլլայ դասաւանդել յիշեալ եկեղեցիներու ուհամայնքներու հին եւ նոր լեզուները, աստուածաբանութիւնը,պատմութիւնը, ծէսը, կանոնագիտութիւնը եւ նման նիւթեր։Այսպիսի ձեռնարկի մը Իսլամական ԱստուածաբանութեանՖաքիւլթէներէն մէկուն մէջ տեղադրուիլը խնդրոյ առարկայիսկ չի կրնար ըլլալ։ Ինչպէս նախապէս քանիցս ըսած եմ, այդկը նմանի Վատիկանի մէջ իմամ հասցնելու, կամ Մէքքայիմէջ՝ քահանայ։ Կրօնքի եւ խղճի հարցերուն մէջ հիմնականըազատ խիղճն ու կամքն է¦։

ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Կ՚ԱՌԱæԱՐԿԷ
ՈՐ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ

Յունաց Պատրիարքական Աթոռը կ՚ակնկալէ, որ Հէյպէլի ԿղզիիԴպրեվանքը վերաբացուի նոյն այն պայմաններով որոնք ի զօրու էիննախ քան վարժարանին փակուիլը։ Յունաց Նորին ՍրբութիւնԲարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը իր ակնկալութիւնը արտայայտեցհետեւեալ կերպով. §Ըստ Լոզանի Դաշնագրի 40-րդ յօդուածին,փոքրամասնութիւններն իրաւունք ունին նոր կրթականհաստատութիւններ բանալու։ Մենք նոր դպրեվանք բանալչենք փափաքիր։ Մենք կ՚ուզենք, որ մեր նախկին դպրեվանքընոյնութեամբ վերաբացուի եւ կիրարկուի նոյն կրթականծրագիրը։ Մեր ուզածը բարձրագոյն ուսման հաստատութեանցհամազօր դպրոց մը չէ, այլ արուեստից լիկէոն մը։Բարձրագոյն Ուսուցման Պետական Խորհուրդի ՆախագահՓրոֆ. Տքթ. Էրտողան Թէզիչ մեզ այցելելու ժամանակյայտնեց, թէ ինք քննարկած է Հէյպէլի Կղզիի մեր նախկինդպրեվանքի 1951-ի կանոնագրութիւնը եւ զայն գտած է շատօրինական եւ կիրարկելի։ եթէ պետական այրեր քաղաքականկամքն ունենային՝ մեր դպրեվանքը Թուրքիոյ ԱզգայինԿրթութեան Նախարարութեան հսկողութեան ներքեւ շուտովդասաւանդութեան կրնար ձեռնարկել՝ ըստ նախընթացի։Ահաւասիկ ա՛յս է մեր խնդրանքն ու ակնկալութիւնը մերՊետութենէն»¦։

ՀԱՅԵՐԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆ

Այս մասին Հայոց Պատրիարքի տեսակէտն է հետեւեալը. §ՆորինՍրբութիւն Բարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հետ նոյնպէս կըմտածենք։ Ժամ առաջ անհրաժեշտ է աստուածաբանութեանուսուցման կարելիութիւն ընձեռել։ Սակայն ըստ երեւոյթի մերհամայնքներու կարիքները տարբեր են։ ՅունացՊատրիարքութիւնը կ՚ուզէ, որ իսլամ կրօնաւորպատրաստելու համար բացուած §Իմամ-Հաթիպի¦վարժարաններուն պէս, իրենց նախկին դպրեվանքն ալԿրթական Նախարարութեան հսկողութեան ներքեւվերաբացուի որպէս արուեստից լիկէոն մը։ Իսկ մենք կըփափաքինք, որ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր հոգեւոր սպասաւորներըհամալսարանաւարտ ըլլան։ Եւ կը յուսանք այդ արդիւնքինհասնիլ առանց մեր ժառանգաւորները արտասահմանուղարկելու ստիպողութեան ներքեւ մնալու։ Այսօր գրեթէ մերբոլոր երիտասարդները համալսարանական ուսում կըստանան։ Իրենց հոգեւոր հովիւներն ալ առ նուազն իրենցչափ ուսում ստացած պէտք է ըլլան¦։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԾԻՔ ԵՆ

Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ Յունաց ԲարթոլոմէսՊատրիարքի հետ ունեցած յարաբերութեան մասին արտայայտուեցաւհետեւեալ կերպով. §Որպէս յունաց եւ հայոց պատրիարքներբնաւ իրարու չհակադրուեցանք, չենք հակադրուիր, չենքկրնար ալ հակադրուիլ։ Թուրքիոյ իսլամ եւ հրէայ հոգեւորպետերու հետ ալ չենք հակադրուիր, չենք ալ կրնարհակադրուիլ։ Ամէնքս ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեանքաղաքացիներ ենք։ Նոյն երկրին զաւակներն ենք։ Դրացիներենք։ Ամէնքս նոյն նաւուն մէջ կը ճամբորդենք։ Միասինկ՚ապրինք։ Մեր յարաբերութիւնները հաստատուած ենփոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի հիման վրայ¦։

ՀԱՅՈՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ 1971 ԹՈՒԻՆ ՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադառնալով թերթի մը պնդումին,թէ §Հայեր ասկէ առաջ դպրեվանք չեն ունեցած¦, թերթին սխալնուղղեց հետեւեալ կերպով. §Դպրեվանք ընծայարանը 1719 թուինհաստատուեցաւ Երանաշնորհ Յովհաննէս Թ Կոլոտ ԲաղիշեցիՊատրիարքի կողմէ Սկիւտարի մէջ։1741 թուին, ԵրանաշնորհՅակոբ Նալեան Պատրիարքի օրով, Սկիւտարի դպրեվանքըփոխադրուեցաւ Գումգաբու եւ շրջան մը իր գործունէութիւնըշարունակեց մեր այս թաղին մէջ։ 1889 թուին ԵրանաշնորհԽորէն Ա.Պատրիարքի կողմէ նոր դպրեվանք մը բացուեցաւՆիկոմիթիոյ Արմաշ Գիւղին մէջ։ Այս վարժարանը կրցած է իրդռները բաց պահել մինչեւ 1915։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Ա.Պատրիարքը, նախ քան իր պատրիարք ընտրուիլը,դպրեվանքը 1923 թուին փոխադրած է Պալաթի Ս.Հրեշտակապետ Եկեղեցին, սակայն մի քանի տարի յետոյփակուած է արդէն։ Հուսկ, Երանաշնորհ Գարեգին Ա.Պատրիարքը 1953 թուին դպրեվանքը վերաբացած էՍկիւտարի բարձունքին, այն տեղ ուր 1719 թուինհաստատուած էր առաջին դպրեվանքը Կոլոտ Պատրիարքիկողմէ։ Դժբախտաբար այս վարժարանը 1971 թուինփակուեցաւ կառավարութեան կողմէ։ Վարժարանը այդ օրէն իվեր իր գոյութիւնը կը պահէ, որպէս հայ փոքրամասնութեանսովորական համայնքային լիկէոն։ Այլ խօսքով, այն պնդումըոր հայ համայնքը մինչեւ 1970-ական թուականներըդպրեվանք չէ ունեցած՝ անհիմն է¦։

ՄԻæ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆԵՐԲԵՔ

Նորին Ամենապատուութիւնը, շեշտեց թէ միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային փոխըմբռնման եւ երկխօսութեան ջանքերը՝ յատկապէս11 Սեպտեմբերի ահաբեկչութեան յաջորդող զարգացումներուն լոյսինտակ ներկայիս անհրաժեշտ են աւելի քան երբեք։ Պատրիարք Հայրըայս ուղղութեամբ իր գաղափարը յայտնեց  ըստ հետեւեալի.§Իսկութեան մէջ օրակարգին ամենէն կարեւոր հարցերէն մէկնէ սա։ Իրաց ներկայ դրութեան մէջ այս ճշմարտութեանչանդրադառնալը անփութութեան համազօր երեւոյթ է, մեծվրիպում է եւ հետեւանքները ծանր կ՚ըլլան։ Այնուհանդերձշօշափելի, տեսանելի, կառուցողական, արդիւնաւէտձեռնարկներու մշակումը կարեւոր է։ Երկխօսութիւնըմիջազգային, միջկրօնական եւ միջմշակութայինյարաբերութիւններու մէջ կարեւոր լծակ է եւ ատիկա պէտք չէմաշեցնել անորոշ ու անհետեւանք ձեռնարկներով  եւ կամուժասպառ ձգել՝ պարզապէս արձագանգ բերած ըլլալու կամերեւութապէս բաներ մը կատարած ըլլալու համար։ Օրինակիհամար մինչեւ այսօր Իսլամաց Կրօնից Տեսուչ ԱլիՊարտաքօղլուէ բացի ո՞վ ելաւ եւ §Արդարեւ պէտք էստեղծուին միջոցներ, որպէսզի մեր քրիստոնեայհայրենակիցները հոգեւորական կարենան պատրաստել¦ըսաւ։ Երբ դրացիիդ ցաւը չկիսես եւ միայն զուարթսեղաններու վրայ միասնականութեան կամ երկխօսութեանմասին խօսիս, ո՞վ կը հաւատայ անկեղծութեանդ։ Ոչ-իսլամհայրենակիցներն ալ իսլամ հայրենակիցներու հետ բառինիսկական առումով պէտք է զօրակցին ընկերային գետնիվրայ։ Միթէ մեր զաւակներուն ընկերային հարցերը երկրիբոլոր երտասարդներու հարցերուն հետ նոյնը չե՞ն։Բազմակրօն եւ բազմամշակոյթ հաւաքականութեան մէջապրիլը արուեստ է, մշակոյթ կը պահանջէ, կրթութեամբ ձեռքկը բերուի։ Բանալին՝ փոխադարձ, ճշմարիտ, շօշափելիյարգանքն ու սէրն է¦։