ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 350 ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

21617739_10155792336322853_6811110025543692381_nԱստուածաշունչ Մատեանի հայատառ տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Մաշտոց Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր «Տպագրութեան Մարգարիտ» խորագրեալ գիտաժողովն ու ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 19-20 Սեպտեմբեր 2017ին, Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի տնօրինութեամբ, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ ժողովին մասնակցեցաւ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

21616085_10155792336312853_2333574811669531209_nԺողովը սկսաւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի բացման խօսքով։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան։ Իսկ Գերապատիւ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նոյն առթիւ յղած պատգամը։

Պաշտօնական ուղերձներէ յետոյ գումարուեցաւ ժողովի առաջին նիստը, Գոհար Մուրատեանի նախագահութեամբ։ Նիստի ընթացքին Փարիզ 8 Համալսարանէն Յարութիւն Գէորգեան զեկուցեց «Ոսկան Երեւանցի եւ Հայ-Լատինական դպրոցի մը ստեղծման ծրագիրը», Օքսֆորտ Համալսարանէն Թէո Մաարտըն վան Լինտ՝ «Եզեկիէլի մարգարէութիւնը եւ անոր հայ մեկնողները՝ Ստեփանոս Սիւնեցին եւ Եսայի Նչեցին, աստուածային գահի տեսիլքի մասին» եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանէն Մայա Գրիգորեան՝ «Աստուածաշունչի տպագրութեան ազգային օճախները» խորագիրով։

Այս եւ յաջորդ երկու նիստերու ընթացքին ներկաներ առիթ ունեցաւ զեկուցողներուն հարցումներ ուղղել իրենց նիւթերու կապակցութեամբ։

Կէսօրուան ընդմիջումէ ետք, ներկաներ մասնակցեցան Աստուածաշունչի հրատարակութիւններու ընտրանիի ցուցադրութեան բացման։ Այս հատորները կը գտնուէին Մաշտոցեան Մատենադարանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոներու մէջ։ Անոնք շրջեցան սրահը, տեսան Ոսկան Եպս.ի տպագրած Աստուածաշունչի մէկ օրինակը, ինչպէս նաեւ զանազան վայրերու մէջ տպագրուած մեսրոպատառ Աստուածաշունչերու նմոյշներ, Երուանդ Քոչարի կողմէ պատրաստուած Ոսկան Եպս.ի երեւակայական դիմանկարի կրկնօրինակը, Ոսկան Եպս.ի որպէս բնագիր ծառայած Հեթում Բ. Թագաւորի ձեռագիր Աստուածաշունչը։

22007591_1476118649136792_8243057747652253757_n22049808_1476119195803404_8057605064987014379_nԺողովի Բ. նիստը կայացաւ 20 Սեպտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, նոյն դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ՝ Վարդան Դեւրիկեանի։ Սոյն նիստի ընթացքին զեկոյցներ կարդացին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն Բրշ. Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան՝ «Ոսկան Եպս. Երեւանցի, Աստուածաշունչի տպագրութիւնը եւ Կ.Պոլիս», Մաշտոցեան Մատենադարանէն Վարդի Քեշիշեան՝ «Որոշ դիտարկումներ հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան նախափորձերու վերաբերեալ», իսկ Հայաստանի ազգային գրադարանէն Արմէն Խաչատրեան՝ «Աստուածաշունչի ոսկանեան տպագրութիւններու առեղծուածը» խորագիրով։ Նոյն նիստի ընթացքին պիտի զեկուցէր նաեւ Երևանի պետական համալսարանէն Գայեանէ Պօղոսեան, որու բացակայութեան պատճառաւ «Բոյսերու անուանումները Աստուածաշունչի Ոսկանեան հրատարակութեան մէջ» խորագրով զեկոյցի ամփոփումը կարդաց Վարդան Դեւրիկեան։

Կէսօրուան ընդմիջումէ ետք, տեղի ունեցաւ Գ. եւ վերջին նիստը, նախագահութեամբ՝ Թէո Մաարտըն վան Լինտի։ Սոյն նիստի ընթացքին զեկոյցներ կարդացին Մաշտոցեան Մատենադարանէն Արմէն Տէր-Ստեփանեան՝ «Աստուածաշունչ թէ սուրբգրային ժողովածու», Մաշտոցեան Մատենադարանէն Անի Ենովքեան՝ «Ռուսահայ առաջին տպարանը, նկարազարդումներու առանձնայատկութիւնները», Մաշտոցեան Մատենադարանէն Միհրան Մինասեան՝ «Հայերէն նորայայտ հնատիպ հրատարակութիւններ» խորագիրով։

Նոյն երեկոյեան, զեկուցումներու վերջաւորութեան իր աւարտին հասաւ գիտաժողովը։ Նոյն առթիւ բոլոր զեկուցողներուն ու մասնակիցներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան եւ ըսաւ թէ մօտ ապագային լոյս կը տեսնեն զեկոյցները, զանոնք աւելի լայն հասարակութեան եւս ծանօթացներու առաջադրութեամբ։