ԱՏԱԼԷԹ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

89540167_2855266127897314_5166241200570630144_oԱտալէթ Կուսակցութեան Ընդհանուր Նախագահ՝ Փրօֆ. Տքթ. Վէճտէթ Էօզի գլխաւորութեամբ կուսակցականներու պատուիրակութիւն մը 10 Մարտ 2020, Երեքշաբթի, ժամը 15.30-ին  քաղաքավարական այցելութիւն տուին Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Պատուիրա­կութեան մաս կը կազմէին կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչական Խորհուրդի անդամները, որոնցմէ եօթը՝ փոխ-նախագահներ էին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ կուսակցութեան Ստանպուլի եւ Ֆաթիհի շրջանային վարչութենէն անդամներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերը ընդունեց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ էր Պատրիար­քա­կան Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց փափկավարական այս այցելութեան համար։ Կուսակցութեան Ընդհանուր Նախագահ՝ Փրօֆ. Տքթ. Էօզ եւ իր հետեւորդները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան ընտրու­թիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին։

Թէ Նորին Ամենապատւ­ու­թիւնը եւ թէ Փրօֆ. Տքթ. Էօզ իրենց խօսքերուն մէջ ընդգծեցին մարդկային իրաւանց, արդարութեան, խղճի ազատութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու  կարեւորութիւնը։ Փրօֆ. Տքթ. Էօզ  անդրադարձաւ թէ ժողովուրդներ զիրար ճանչնալով, իրարու միջեւ փոխ յարաբերութիւնները զարգացնելով կրնան ժխտականը փոխել դրականի։ Հայրենակիցներու խաղաղ համակեցութեան նախապայմանն է յարգել՝ սահմանադրութեամբ նուիրագործուած մարդկային իրաւունքները ու զանոնք առանց խտրութեան կիրարկել բոլորին, արդարութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղ­թու­թեանց համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։