ԱՏԻՍ ՀԱՐՄԱՆՏԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Adis HarmandyanԱրտասահմանի հանրածանօթ երգիչներէն Ատիս Հարմանտեան, 1 Նոյեմբեր 2014, Շաբաթ, ընկերակցութեամբ Պոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութեան ներկայացուցիչներուն այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հարմանտեան, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Ստանպուլ կը գտնուէր, Պոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութեան վերահաստատութեան 2-րդ տարեդարձին առթիւ կատարելի ճաշի մասնակցելու համար։ Վարչութեան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս յիշեցուցին թէ, տաղանդաւոր երգիչի մասնակցութեամբ կատարելի ճաշը տեղի պիտի ունենար 2 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի երեկոյեան։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ատիս Հարմանտեանի Պատրիարքարան այցելութեան առիթով։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Հայ երգի կարեւորութեան, որուն պահպանումը եւ զարգացումը անհրաժեշտ էր Հայ Մշակոյթի պահպանման գործընթացքին։ Գնահատեց, Ատիս Հարմանտեանը, մաղթելով կորով իր աշխատանքներուն մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նաեւ Պոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարիչներուն։