ԱՐԱԲԿԻՐԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

15036585_662516817241538_5235472909628405535_nԱրաբկիրցի ազգայիններ Օննիկ Նալպանղազար, Պօղոս Հէճինօղլու եւ Մարգրիտ Աթմաճա, 9 Նոյեմբեր 2016, Չորեքշաբթի առաւօտ այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ գեղեցիկ անակնկալով մը ներկայացան Պատրիարքական Աթոռ ու յանձնեցին Արաբկիրի երբեմնի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մանրակերտը։ Ձեռագործ աշխատութիւնը, աւելի քան տարի մը առաջ, Արաբկիրի քաղաքապետ՝ Հալուք Ճէօմէրթօղլուի եւ Գաւառապետ՝ Էրճան Թուրանի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած էր։ Այցելուները, յարմար նկատած էին յանձնել զայն Պատրիարքարան, որպէսզի պատշաճ տնօրինութեամբ ցուցադրուի Պատրիարքարանի համալիրին մէջ։ Անոնք, բաժնեցին նաեւ քաղաքի հետ առընչուած իրենց անձնական յիշատակները։

Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց այն բոլոր անձերը, որոնք երբեմնի Եկեղեցւոյ մանրակերտի պատրաստութեան գաղափարը յղացած էին։ Շնորհաւորեց նաեւ այցելուները, իրենց գնահատելի մտածումին համար։