ԱՐԱԲԿԻՐՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

arapgirՍտանպուլաբնակ խումբ մը Արաբկիրցիներ, այս տարի եւս այցելեցին իրենց ծննդավայրը։ Այցելութեան առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց աւագերէց՝ Արժ. Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, իր հետ ունենալով Պէյօղլուի Դպրաց Դասու Դպրապետ՝ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը, 13 Սեպտեմբեր 2013, Ուրբաթ առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ Մալաթիա։

Ուխտաւորներու խումբը, Տէր Հօր գլխաւորութեամբ այցելեցին քաղաքի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին, ուր կը շարունակուին վերաշինութեան աշխատանքները։ Խումբը, Տէր Հօր առաջնորդութեամբ աղօթեց եւ միասնաբար «Տէր Ողորմեա»  երգուեցաւ։ Ապա, խումբը ուղղուեցաւ քաղաքի Հայոց Գերեզմանատունը եւ Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան մէջ կատարուեցաւ ճաշու ժամերգութիւն եւ Տէր Հայրը Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց։ Գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։ Գերեզմանատան մէջ ներկայ ուխտաւորներ, իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ի տէս գերեզմանատան մէջ տիրող կանոնաւորութիւնն ու մաքրութիւնը։ Գերեզմանատան արարողութենէն յետոյ, խումբը այցելեց քաղաքի այլ մէկ սրբատեղին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Վանքը, որուն եկեղեցւոյ մէջ եւս վերաշինութեան աշխատանքներ կը տարուին։ Խումբը, այս սրբատեղիին մէջ եւս կատարեց իր ուխտի աղօթքը, որու աւարտին ուղղուեցաւ դէպի Արաբկիր։

Տ. Միւռոն Աւ. Քահանան, իր հետ ունենալով Լեւոն Սրկ.ը եւ  խումբէն Տիար Օննիկ Նալպանտղազարը, քաղաքավարական այցելութիւններ տուին Գաւառապետ՝ Էրճան Թուրանի  եւ Քաղաքապետ՝ Հալիւք Ճէօմէրթօղլուի։ Զոյգ այցելութիւնները անցան ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Քաղաքավարական այցելութիւն մը տրուեցաւ նաեւ Արաբկիրի նորանշանակ Միւֆթի Էրթուղրուլ Աքընի։ Տէր Հայրը, շնորհաւորեց իր պաշտօնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

Շաբաթ առաւօտ, ժամը 10.00-ին այցելութիւն տրուեցաւ, Արաբկիրի Հայոց Գերեզմանատունը, ուր կառուցուած յիշատակարան-սեղանին առջեւ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որու աւարտին՝ հոգեհանգստեան պաշտօն հին եւ նոր Արաբկիրցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Կատարուած արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Քաղաքապետ՝ Հալիւք Ճէօմէրթօղլու։ Հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ, սարքուեցաւ հոգեճաշի սեղան։

Տէր Հայրը եւ Լեւոն Սրկ. նոյն գիշեր վերադարձան Ստանպուլ։