Արամեան-Ունճեան Սանուց Միութիւն, Գատըգիւղ

Moda Karakol sokak No: 8/1 Kadıköy
Հեռ.՝  (0212) 336-0790

Արամեան Սանուց Միութիւնը հիմնուած է 16 Մարտ 1950-ին։ Միութեան հիմնադիրներն են Խաչիկ Վարդանեան (առաջին ատենապետը), Յովհաննէս Հուրպայեան, Նուրհան Խաչատուրեան, Համբարձում Ալիքսանեան եւ Յակոբ Փէհլիվանօղլու։ Միութիւնը նախ գործել սկսաւ Գուրթուլուշ, Բէրվազ փողոց, թիւ 18 յարկաբաժնին մէջ։ Ամիս մը վերջ փոխադրուեցաւ Գատըգիւղ, Մօտա, Ճէմ փողոց, թիւ 14։ Յաջորդ տարին Արամեան-Ունճեան Վարժարանին կից՝ նախապէս իբր մանկապարտէզ գործածուած շէնքը Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ Սանուց Միութեան կը տրամադրուի։
Միութեան հիմնադրութեան առաջին տարիներուն՝ մարզական, գրական եւ թատերական մարզերէ ներս լայնածաւալ գործունէութիւն ցոյց կու տայ։ Կը կազմուի տիկնանց յանձնախումբ մը։  Ճազ եւ դասական երաժշտութեան նուագախումբ, երգչախումբ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն, դասախօսութիւններ, բեմադրութիւններ, բանախօսութիւններու առընթեր կը կազմակերպուին մրցումներ՝ ինչպէս ֆութպօլ, մարմնամարզ, ծանրաբարձի եւ լողի մարզերէ ներս։ Աւանդական դարձած իր բոլոր գործունէութիւններով մինչեւ 1980-ական թուականներ աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերեց։ Միութիւնը, երկրի միւս միութիւններուն նման 1980-1984 շրջանին դռները փակեց երկրին մէջ առկայ քաղաքական վարչական դրութեան պատճառաւ։
Հրատարակչական գետնի վրայ Միութիւնը ունեցած է երախտաշատ դեր։ Հրատարակած է կոկիկ թիւով գրական հատորներ, ինչպէս Համայնապատկեր Հանրապետական Շրջանի Հայ Գրողներու, Յակոբ Պարոնեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Եղիշէ Այվազեանի եւ Վարդան Կոմիկեանի երկերը։
Այժմ միութիւնը ընկերային եւ մշակութային գետնի վրայ զանազան աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Սանուց Միութեան կազմակերպիչները եւ երիտասարդական յանձնախումբը իբրեւ գործօն տարրեր կը հսկեն սոյն աշխատութիւններուն։ Փոքրիկ տղոց համար տրամա, ճատրակ, օրիկամի, գծագրական աշխատութիւնները կը շարունակուին շաբաթավերջին եւ նաեւ շաբթուան ընթացքին։ Կը կատարուին պարի դասընթացքներ շաբթուան ընթացքին՝ գիշերուան ժամերուն։
Միութեան սրահը կը տրամադրուի նաեւ այն անդամներուն որոնք կը փափաքին իրենց ընտանեկան հաւաքոյթները սարքել սոյն սրահին մէջ։
Նշան Հանչէր թատերախումբը, պտոյտի յանձնախումբը, մշակութային յանձնախումբը իր գործունէութիւնները մեծ թափով կը շարունակէ։
Միութիւնս կը կազմակերպէ նաեւ ճաշկերոյթներ, ինչպէս եղանակի բացման եւ փակման, Նոր Տարուան, Բարեկենդանի։
Միութիւնս երկու տարին անգամ մը կը գումարէ ընդհանուր ժողով։ Շուրջ 300 անդամներով, գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ գործունէութիւն ցոյց տալու սիրայօժար պատրաստակամութիւնը ունի։
Արամեան Սանուց Միութիւնը շաբաթը եօթը օր 10.00-23.00 ժամերու միջեւ բաց է։ Քարտուղար մը եւ նաեւ միութեան պատասխանատու անձ մը ամէն օր ներկայ է միութեան մէջ։