Արամեան Ունճեան Վարժարան

(Leylek Sok. No. 3, 34710 Kadıköy)
Հիմնադիր՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք Տնօրէն՝ Թալին Պէրպէրօղլու
Հեռ.՝ (0216) 336-1598 ֆաքս՝ (0216) 347-1528
Ել-նամակ՝ info@aramyanuncuyan.k12.tr Կայքէջ՝ http://www.aramyanuncuyan.k12.tr

1873ին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կից Համազասպեան եւ Մուրատեան վարժարաններու աշակերտաց թիւը երբ կ՚աւելնայ, շրջակայքի բնակչութիւնը կը միանայ եւ Ռըզափաշա թաղին մէջ գետին մը գնելով 1873ին կը կառուցանէ երկսեռ Արամեան Վարժարանը։ 1876ին Գաբրիէլեան Պօղոս Էֆէնտիի եւ 1903ին Ս. Թագաւոր եկեղեցիի օժանդակութեամբ վարժարանի շրջակայ գետիններն ալ գնուելով հողը կ՚ընդարձակուի եւ 1909ին մանկապարտէզը կը կառուցուի։ 1912ին Մաթուս եւ Աբիկ Ունճեան եղբայրներ իրենց ողբացեալ քրոջ՝ Նեկտարի յիշատակին, վարժարանին ետեւի շէնքը կը գնեն, նորոգելով եկեղեցւոյ կը նուիրեն։ Այդ թուականէն վերջ վարժարանին անունը կը յիշուի իբրեւ Արամեան-Ունճեան։ Վարժարանի կից մանկապարտէզի շէնքը այժմ կը գործածուի որպէս սանուց միութիւն։ 1962ին ի հիմանէ նորոգուող վարժարանը այսօր մանկապարտէզի, նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժիններով կը շարունակէ ուսում ջամբել հայ աշակերտութեան։