ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 1 Նոյեմբեր 2015, Կիրակի, մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին։ Նորին Սրբազնութիւնը, 5 Նոյեմբեր, Հինգշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս։