ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՆԳԱՐԱ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 27 Յունիս 2016, Երկուշաբթի առաւօտ կը մեկնի Անգարա, մասնակցելու համար «ԱՔՓ» Կուսակցութեան Իֆթարի ընթրիքին։ Ընդունելութեան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Վսեմաշուք Վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի վերադառնայ նոյն օրը գիշերուայ ժամերուն։