ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Kategori: Միջեկեղեցական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 4 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի, ժամը 14.40-ին, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, մեկնեցաւ Իտալիոյ Պարի Քաղաքը։ Սրբազան Հայրը, յառաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցի Ս. Նիկողայոսի Տօնին առթիւ տեղի ունենալիք արարողութեանց եւ հանդիսութեանց ու պիտի վերադառնայ Չորեքշաբթի գիշեր։