ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԱԿԱՒ ԿԸ ԿԱԶԴՈՒՐՈՒԻ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան, որ 1 Մարտ 2005 թուականին երթեւեկի արկածի ենթարկուած էր, տակաւ առ տակաւ կը բուժուի։ Նորին Սրբազնութիւնը արդէն իսկ շաբաթէ մը ի վեր ամէն օր Պատրիարքարան կը յաճախէ եւ կը գտնուի Ս. Աթոռի Լուսարարապետութեան իր պաշտօնին վրայ։

Արամ Սրբազան երեք շաբաթ Ամերիկեան հիւանդանոցի մէջ բուժուելէ ետք, երկու շաբաթ առաջ փոխադրուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց, ուր ամէն օր կանոնաւորապէս կ՛օգտուի ԶԻՊԷՉ-ի ջերմ ջուրի աւազանէն։ Նորին Սրբազնութիւնը Ազգային Հիւանադնոցի բժշկապետութեան եւ Տքթ. Աքսէլ Սէյեահիի խնամքին տակ կը գտնուի։