ԱՐԺ. Տ. ԶԱՔԱՐ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Kategori: Եկեղեցական

Պալաթու բարեզարդեալ Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ մէջ իրանդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ.  Տ.  Զաքար Քհն. Քոփարեան, 3 Սեպտեմբեր 2005, Շաբաթ, Նիկիոյ Ս. Ժողովոյն318 Հայրապետներու տօնին առթիւ։ Արարողութեանց նախագահեցՆ.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, ի ներկայութեան Գերշ. Տ.Շահան Արքեպս. Սվաճեանի, վեղարաւոր եւ քահանայ հայրերու։

Պատրիարք Հայրը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց §ՀոգինՍուրբ եկեսցէ ի քեզ եւ զօրութիւն Բարձրելոյն հովանի լիցի իվերայ քո¦ (Ղկ 1.35) բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնըբացատրեց, թէ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ էր որ Աստուծոյ Խօսքըմարմին առած էր։ Ս. Պատարագի հացը եւ գինին նոյնպէս Ս. Հոգիինմիջոցով էր որ կը փոխակերպուէր Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան,մնալով հանդերձ սոսկ հաց եւ գինի։ Նոյնն էր պարագան երբ կըկատարուէր ձեռնադրութիւն մը։ Սուրբ Հոգին էր որ կ՚առնէրսովորական հաւատացեալը եւ կը դարձնէր Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւոր եւժողովուրդի հովիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւօրուան տօնին եւ շեշտեց Ս. Հոգիի ներգործութիւնը Նիկիոյ Ս. ԺողովիՀայրապետներուն մէջ, որոնք բանաձեւած էին մեր ՀաւատոյՀանգանակը, որ ցոյց կու տար թէ ինչ բանի պէտք էր հաւատալ եւ ինչբան պէտք էր քարոզել Եկեղեցւոյ ուղղափառ ուսուցումներըպահպանելու համար։

Ապա, Պատրիարք Հայրը նորընծայ Տ. Զաքար Քահանային յիշեցուց,թէ ինք եւս ուխտած էր հետեւիլ Եկեղեցւոյ Հայրերու ուղղափառուսուցումներուն։ Թելադրեց նաեւ, մինչեւ իր կեանքին վերջըհաւատարիմ մնալ Առաքելական եւ Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյդաւանութեան եւ ըստ այնմ խրատել հաւատացեալ ժողովուրդը։

Պատրիարք Հայրը, ապա շնորհաւորեց Տէր եւ Տիկին Օննիկ-ԱյտաԱյվազ ամոլը, որոնք լսած էին Աստուծոյ կանչը եւ Սուրբ Հոգիիառաջնորդութեամբ փութացած էին դիմագրաւել այս պատմական եւհրաշագործ սուրբ տաճարի բարեզարդման ծախքերը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնվասն հոգւոցն պատարագիչ Տէր Հօր ընտանեկան պարագաներուն եւբարերար՝ Այվազ ամոլի հանգուցեալներուն։

Ապա, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուընթացքին տեղւոյն Թաղային Խորհուրդը յուշապնակ մը յանձնեցբարերար Տիկին Այտա Այվազի, ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։Ապա, Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան հայրական խրատներովշնորհաւորեց նորընծայ Տէր Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրապագայ առաքելութեան մէջ։