ԱՐԻՍ ՏԻԳՐԱՆ ՆՇԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, Արիս Տիգրան Նշան 25 Օգոստոս 2020, Երեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ։ Այցելութեան կը մասնակցէին նաեւ իր ծնողքը, Էսաեան Լիսէի նախկին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ Դիւանապետ՝ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 ARIS NSHAN

Ինչպէս ծանօթ է, Էսաեան Վարժարանի սաներէն Արիս Տիգրան Նշան համալսարանի մտից քննութեանց մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրած եւ Թուրքիոյ 730-րդ յաջող աշակերտը եղած էր։

 

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց երիտասարդ այցելուին եւ ընկերակիցներուն եւ շնորհաւորեց իր արձանագրած յաջողութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքին մէջ շեշտեց ընտանեկան եւ դպրոցական կրթութեանց կարեւորութիւնը, որուն կենդանի օրինակն է Արիս Նշան։ Յատկապէս շնորհաւորեց Արիս Նշանի ծնողները եւ իր մտաւոր կազմաւորման ներդրում ունեցած բոլոր կրթական մշակները, որոնցմէ մէկն է իր ազգականն ու նախկին տնօրէնը՝ Սաթենիկ Նշանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր արդար հպարտութիւնը յայտնեց մեր համայնքային վարժարաններէն մէկուն այս սանին տարած յաջողութեամբ եւ ըսաւ, որ այս մէկը միակը պէտք չէ ըլլայ։

 ARIS NSHAN KAPAK

Նորին Ամենապատուութիւնը հայրաբար թելադրեց, որ շարունակէ յաջողութեան ջահը ի ձեռին պահել յարատեւ աշխատութեամբ եւ ըլլայ օրինակելի անհատ մը իր պատկանած ամէն հաւաքականութեան։