ԱՐՀ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

11182782_437994849693737_3383195258408110610_oՊոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, 22 Ապրիլ 2015, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Լեւոն Գերապայծառ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը եւ ըրաւ բարեմաղթութիւններ։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած շնորհաւորական այցելութեան համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւնները յղեց քոյր Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ Ընդունելութեան ընթացքին, Արամ Արքեպս. եւ Գերապայծառ Լեւոն Արքեպս. գաղափառի փոխանակումներ ունեցան այլ նիւթերու շուրջ։