ԱՐՄԱՇ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

12998155_566489913510896_1230111598672826010_oՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Արմաշ Երգչախումբի անդամները, որոնք Շաբաթ երեկոյ պիտի մասնակցին Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձօնուած հոգեւոր համերգին, 14 Ապրիլ 2016, Հինգշաբթի առաւօտ ժամանեցին Պոլիս եւ դիմաւորուեցան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ։

Խումբը կը գլխաւորէ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տոնոյեան։ Բացի երգչախումբի խմբավար՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխըրտըմեանէ , խումբին մաս կը կազմեն նաեւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ ու դպիրներ։

Հիւր Դպրեվանեցիներ, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ներկայացան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանին։ Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ ու կեցութիւն մաղթեց հիւրերուն։ Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Շնորհք Պատրիարքի հանդիսութեան իրենց մասնակցութեան ու Պոլսոյ մէջ իրենց կեցութեան համար եղած կարգադրութեանց համար։ Տեսակցութեան աւարտին, հիւրեր շրջեցան Պատրիարքարանն ու Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը եւ տեղեկութիւններ ստացան։