ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանը, 25 Մարտ 2014, Երեքշաբթի, միջօրէին հեռաձայնով կապ հաստատեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին հաղորդուեցաւ, թէ Նախարար Տավութօղլու կը յետաքրքրուէր վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերով։

Յայտնուեցաւ որ Տավութօղլու տեղեակ էր Սուրիացի Հայերու կացութենէն, որոնք դժնդակ պայմաններու մէջ  վնաս կը կրէին եւ կ՚ապրէին շատ դժուար օրեր։ Ըստ Տավութօղլուի, եթէ կային անձեր որոնք կը փափաքէին ապաստանիլ Թուրքիա, նախարարութիւնը Միտեաթի մէջ Հայեր ընդունելու տրամադրութիւնը ունէր։ Այս հարցի կապակցութեամբ, նախարարութիւնը կը յայտնէր օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Տավութօղլուին, որ հետաքրքրուած էր Սուրիացի Հայերու հարցով։