ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական
«ՄԵՂՔԻՆ ԹՈՅՆԸ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ԷՈՒԹԵՆԷՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ
168387596_1814650635361478_1333940338781056918_nՈւրբաթը, Քրիստոսի չարչարանքներով, խաչելութեամբ եւ թաղման յիշատակութիւններուն հետ ողողուած օրն է, որուն ընթացքին հաւատացեալներ ծէսին ընդմէջէն կը թափանցեն Քրիստոսի նեղութեանց։ Եկեղեցին առաւօտեան ժամերուն խաւարի հետ կը ծանօթանայ, երբ Աւետարանական հատուածներուն մէջ Քրիստոսի մահապատիժը կը յայտարարուի եւ կը սկսի Խաչի ճանապարհը։168192518_1814650168694858_4067620855610163295_n
Այս խորհրդաւոր օրուան արարողութիւնները, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Դռնփակ արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս վեղարաւոր հայրերն ու քահանաները, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ ու դպիրներ։ Ժամը 11.00-ին սկսաւ Խաչելութեան Կարգը, որուն մէջ խտացուած են Աստուածաշնչական բազմաթիւ ընթերցուածներ։ Այս առիթով ընթերցուեցան Ս. Գրային ընթեցուածները եւ երգուեցան Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի գրի առած շարականները։ Խաչելութեան Կարգի աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը խնկարկեց առաջի Խաչելութեան սրբապատկերին, երբ կ՚երգուէր «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականը։ Արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը Կենաց Փայտի սրբազան մասունքով օրհնեց ներկաները եւ ապա Խաչի խորհուրդին մասին խօսեցաւ երկարաշունչ քարոզ մը։
Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ Քրիստոսի մատնութենէն սկսեալ մինչեւ Գողգոթա երկարող ժամերուն, իւրաքանչիւր հանգրուան առաձնապէս նշուելու արժանի է եւ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մասին կարելի է զատ քարոզ մը խօսիլ։ Առ այդ, Խաչի խորհուրդը հասկնալ ջանալը, Քրիստոնեայ հաւատացեալի մը ամենէն կենսական կարիքն է եւ այս ուղղութեամբ պէտք է աղօթել, որպէսզի Տէրը լուսաւորէ անհատի մը միտքը։168428259_1814650782028130_3890519825134987011_n
Պատրիարք Հայրը, նախ խօսեցաւ Նոր Ուխտի մասին ու ըսաւ. «Նոր Կտակարանի դաշինքը չէր կրնար առանց արիւնի կնքուիլ եւ այս պատճառաւ Յիսուս իր թանկագին արիւնը զոհեց, որպէսզի Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ նոր կտակ մը հաստատուի։ Այս պատճառաւ Քրիստոսի Արիւնը կը կոչուի նաեւ Նոր Ուխտի Արիւնը։ Յիսուս Աստուծոյ Գառնուկն է եւ այդ Գառնուկը ահա կը զոհուի, որ Հին Կտակարանի ծիսական հասկացողութեամբ որպէս փրկագին մատուցուած գառնուկին կը համապատասխանէ»։
Մեր Հոգեւոր Պետը, ապա Հին Կտակարանի մէջէն ներկայացուց Ս. Խաչի խորհուրդը։ Հրեայ Ժողովուրդին Եգիպտոսէն ելքի դրուագը ներկայացնելով, յիշեցուց թէ՝ ժողովուրդը դէպի խոստացուած երկիր ճամբորդած ժամանակ կը տրտնջար եւ դժգոհութիւն կը յայտնէր։ Այս կեցուածքին որպէս հետեւանք թունաւոր օձեր խայթել սկսած էին անոնցմէ ոմանք եւ այդ անձերը հիւանդանալ ու մեռնիլ սկսած էին։ Օձի եւ մարդու միջեւ մեծ կրիւ կար, քանի հարիւրաւոր անձեր մեռան։ Ապա, ժողովուրդը աղաչել սկսած էր Աստուծոյ, որպէսզի ներէ իրենց եւ փրկութիւն շնորհէ։ Աստուած Մովսէսին յայտնած էր թէ՝ ժողովուրդը իր լեզուով օձի պէս խայթել սկսած էր, երբ Աստուծոյ դէմ կը մեղանչէր։ Այլապէս Աստուած, օձերուն օձեր ուղարկած էր։
Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ կեանքը եւ մահը, լեզուէն կախեալ է ու շարունակեց իր պատգամին ըսելով. «Աստուած Մովսէսին ըսաւ որ, պղինձէ օձի արձան մը շինէ, ցօղի վրայ կախէ եւ բոլոր մարդոց տեսանելի ձեւով կանգնեցնէ։ Ան որ օձէն խայթուած էր, նայելով այդ օձին, բժշկութիւն պիտի գտնէր։ Յիսուսի խաչելութեան տիպարն էր այս մէկը։ Ինչպէս որ Մովսէսի ժամանակ ժողովուրդը բժշկուած էր, նոյնպէս ով որ Խաչին նայի հաւատքով ու յոյսով իր հոգեւոր բժշկութիւնը պիտի գտնէ։ Մեղաւորներս, մեր մեղքերը պիտի տեսնենք Խաչը դիտելով։ Իսկ, երբ որ տեսնենք եւ խոստովանինք պիտի փրկուինք։ Պէտք է յանձանքներ, մեղքեր մեզմէ դուրս քան ապաշխարութեան եւ խոստովանանքի ճամբով, որպէսզի մաքրուինք։ Շատ մը մեղքերուն արմատը լեզուի մէջ կը բովանդակուի եւ այդ մեղքը կը շարունակէ թունաւորել մեր էութիւնը։ Այս պատճառաւ, այդ թոյնը դուրս պէտք է գայ, որպէսզի մենք ուղղուինք դէպի սրբութեան ճանապարհը։ Մեղքը իր թոյնով եւ աւերումով պէտք է հասկնայ եւ Քրիստոսի Խաչելութիւնը, լաւագոյն յիշեցումն է այս ուղղութեամբ»։168815217_1814650882028120_2653620174091928283_n
Պատրիարք Հայրը յաջորդիւ խօսեցաւ նաեւ Տէր Յիսուս Քրիստոսը դէպի Խաչ տանող մարդկային մեղքերուն մասին, որոնց շարքին կարելի է թուարկել իշխանատենչութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը։ Յիսուսի ընդդիմադիրները իրենց առջեւ որպէս փորձանք տեսան Յիսուսը, քանի իր ուսուցումով եւ կենցաղով ժողովրդականութիւն կը վայելէր։ Այս պատճառաւ հրեայ իշխանաւորներու խումբերը Յիսուսի ներկայութիւնը կ՚ընկալէին որպէս սպառնալիք եւ այդ պատճառաւ ալ կ՚ուզէին զԱյն ոչնչացնել։ Իսկ այս կամքին համար որպէս գործիք, օգտագործած էին Յուդայի մամոնայապաշտութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ նման գործելաոճը ներկայիս աշխարհի վրայ ի զօրու է բոլոր մարդկութեան համար։ Հետեւաբար, անձինք այս եւ նման մեղքերու որքան աւերիչ արդիւնքներ յառաջացնելը կրնան տեսնել Խաչեալը տեսնելով։
Հարկ է յիշեցնել թէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube»ի էջերէն կը տեսասփռուեցաւ արարողութիւնը։
  • 168000893_1814650472028161_6725074276094151285_n
  • 168192518_1814650168694858_4067620855610163295_n
  • 168277778_1814650955361446_873576400847991653_n
  • 168387596_1814650635361478_1333940338781056918_n
  • 168428259_1814650782028130_3890519825134987011_n
  • 168424299_1814650398694835_4786640676295162723_n
  • 168666196_1814650048694870_1235432151430363222_n
  • 168815217_1814650882028120_2653620174091928283_n