Աւագ Ուրբաթ

Kategori: Եկեղեցական

Պոլսահայ ուխտաւորները, 29 Ապրիլ, Աւագ Ուրբաթ առաւօտ, Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ նախ այցելեցին ՀովիւներուԴաշտը, ուր հրեշտակներ իրենց ոչխարները արածող հովիւներուներեւեցան աւետելու համար, որ Փրկիչը ծնած էր Բեթղեհէմի մէջ։ ՆորինԱմենապատուութիւնը այստեղի չորրորդ դարէն մնացած եկեղեցւոյփլատակներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ապա այցելութիւնտրուեցաւ այնտեղ գտնուող քարայրներուն, ուր հովիւները կըգիշերէին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ «Փառք իբարձունս»ը առաջին անգամ այստեղ է, որ երգուած էր։ Ուստի,ուխտաւորները միասնաբար երգեցին «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»երգը։

Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարը։Այս տաճարը, որ չորրորդ դարուն Հեղինէ Թագուհիին կողմէկառուցուած է, ունի յունական, լատինական եւ հայկական բաժիններ։Ուխտաւորները նախ իջան այն քարայրը, որ Քրիստոսի ծննդեանսրբավայրն է։ Այստեղ մեծ յուզումով երգուեցան Ս. Ծննդեանշարականներ։

Ապա տաճարի հայկական բաժնին մէջ կատարուեցաւ ԵրախայիցՍուրբ Պատարագ։ Հուսկ Նորին Ամենապատուութիւնը եւուխտաւորներու խումբը բարձրացան Բեթղեհէմի Հայոց Վանքը եւդիմաւորուեցան վանահայր՝ Հոգշ. Հ. Ռազմիկ Վարդապետի կողմէ։Բեթղեհէմի Հայոց վանքին մասին բովանդակալից տեղեկութիւններստանալէ յետոյ, ուխտաւորները այցելեցին նաեւ Հայոց Վանքի ստորեւգտնուող Սուրբ Երոնիմոսի Սուրբ Գրոց վարժարանին ընդարձակսրահը, որ սեփականութիւնն է Հայոց Վանքին։

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժամը 16.30ին Երուսաղէմի Սրբոց ՅակովբեանցՄայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Թաղման Կարգ,նախագահութեամբ՝ Ն. Ա. Տ. Թորգոմ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։Ապա ժամը 18.00ին Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրըայցելեց Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, վանքիլուսարարապետարանին մէջ։

Ժամը 19.00ին Պոլսահայ ուխտաւորներն ու հոգեւորականներըայցելութիւն տուին Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Սրբազան ՊատրիարքինՊատրիարքարանի շքեղ դահլիճին մէջ։ Թորգոմ Պատրիարք,Պոլսահայ ուխտաւորներու եւ Սրբոց Վարդանանց Դպրաց ԴասԵրգչախումբի այցելութեան առիթով իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւըսաւ, որ Սաղիմահայութիւնը խանդավառուած եւ քաջալերուած  էայսքան մեծ թիւով այցելուներու ներկայութեամբ։

Ժամը 20.00ին ընծայարանի դահլիճին մէջ երկուհոգեւոր պետերու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւՍրբոց Վարդանանց Երգչախումբի համերգը,ղեկավարութեամբ՝ Ատրուշան Հալլաճեանի, երգեհոնիընկերակցութեամբ՝ Լուսի Քահվէճեանի։ Այս յաջողելոյթը պատիւ բերաւ, թէ Վարդանանց երգչախումբինեւ թէ պոլսահայութեան։ Համերգի աւարտին հուսկբանքը խօսեցաւ Ամեն. Տ. Թորգոմ Պատրիարք Հայրը,որ վեր առաւ Վարդանանց Երգչախումբի կատարածաշխատանքը եւ մաղթեց, որ Հայ Եկեղեցիներէն եւտուներէն ներս անպակաս ըլլայ հայ հոգեւոր եւ տոհմիկ երաժշտութիւնը։

  • 30
  • 31