ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿԻՐ

Kategori: Եկեղեցական

jerusalem 1Երուսաղէմի մէջ, հին տոմարի համաձայն Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկի տօնակատարութիիւնները տեղի ունեցան, 28 Ապրիլ- 6 Մայիս թուականներուն։ Այս առթիւ Սուրբ Երկիր գացին խումբ մը Պոլսահայ ուխտաւորներ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտաւորներու խումբը գլխաւորեց Աթոռոյս միաբան՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Մասնակիցներու մէջ էր նաեւ նախկին Ստանպուլահայ, այժմ Պրազիլաբնակ Արժ. Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեան։

Ուխտագնացութեան առաջին հանգրուանը եղաւ, Եաֆայի Ս. Նիկողայոսի Վանքը։ 29 Ապրիլ Աւագ Երկուշաբթի օր կատարուած այս առաջին այցելութենէն յետոյ, ուխտաւորները մէկտեղուեցան Հայֆա, Ս. Եղիա Մարգարէի տան վրայ կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ, ուր Հայր Սուրբէն ստացան որոշ ընդհանուր տեղեկութիւններ։ Մինչեւ Աւագ Չորեքշաբթի, ուխտաւորները Գալիլիոյ շրջանի գրեթէ բոլոր սրբավայրերը այցելեցին, եւ առիթը ունեցան ջերմեռանդն աղօթելու ու հոգեկան սփոփանք  ապրելու։ Ի մասնաւորի Երանեաց Լերան վանքին, Թապղային, Մենսա Քրիստիին, Կափառնայումին, Թափոր Լերան, Նազարէթ ու Կանային մէջ անգամ մը եւս հնչեց հայ ուխտաւորին սրտաբուխ աղօթքն ու պաղատանքը։ Միասնաբար երգուեցան նաեւ շարականներ։ Յորդանան գետի ափին բոլոր ուխտաւորները վերանորոգեցին իրենց Ս. Մկրտութեան ուխտը, երբ Հայր Զաքէոս օրհնեալ ջուրը կը սրսկէր բոլորին վրայ։ Ուխտաւորաց խումբը դէպի Երուսաղէմ ճամբորդութեան ընթացքին, առիթն ունեցաւ այցելելու նաեւ Փորձութեան Լեռն ու Զաքէոս Մաքսաւորի մագլցած ծառը։

1 Մայիս Աւագ Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամերուն ուխտաւորները վերջապէս հասան Սուրբ Քաղաք՝ Երուսաղէմ։ Աւագ Հինգշաբթի օրը Պոլսահայ ուխտաւորները միւս բոլոր հայ ուխտաւորներուն միանալով Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Ընթրեաց Ս. Պատարագին, Ոտնլուային ու Խաւարման սրտառուչ արարողութեանց։ Բոլոր ուխտաւորները այս առիթով աղօթեցին նաեւ Գլխադիր Ս. Յակոբի Մատուռը։ Աւագ Ուրբաթ օրը Պոլսահայ ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Յիսուսի ծննդեան վայրը՝ Բեթղեհէմ։ Անոնք նախ այցելեցին Հայոց Վանք, ուր դիմաւորուեցան տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Խադ Վրդ. Ճունտուրեանի կողմէ։ Հեռաւոր Գանատայէն, Պուլղարիայէն ու Հայաստանէն ժամանած հայ ուխտաւորները աննախընթաց անակնկալով մը միացան Պոլսահայ մեր ուխտաւորներուն։ Ուստի միասնաբար բոլոր ուխտաւորները այցելեցին Հայոց Ս. Ծննդեան տաճարը եւ Յիսուս Փրկչին ծնած վայրը։ Ապա Պոլսահայ ուխտաւորները, Հայր Զաքէոսի առաջնորդութեամբ այցելեցին հովիւներու դաշտն ու հրեշտակներուն վայրը, ուր միաբերան երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս» երգը։ Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան Պոլսահայ ուխտաւորները Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան նաեւ «Թաղման» արարողութեան։ Ապա Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Պոլսահայ ուխտաւորները պաշտօնապէս ընդունուեցան Ս. Երուսաղէմի նորընտիր Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ։ Հայր Զաքէոս այս առթիւ Նուրհան Ընտրեալ Պատրիարքին փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի եղբայրական ջերմ ողջոյնները եւ յանուն մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ Պոլսահայ ուխտաւորներուն նորընտիր Պատրիարքը շնորհաւորեց ու Նորին Ամենապատուութեան մաղթեց արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արգասաբեր երկա՛ր ծառայութիւն։ Ապա, Պոլսահայ ուխտաւորները ստացան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։

4 Մայիս Աւագ Շաբաթ օրը Պոլսահայ ուխտաւորները Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ մասնակցեցան «Լոյս»ի արարողութեան ու զիրար անգամ մը եւս ողջունեցին ըսելով. «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց. Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի»։ Նոյն օրը մեր ուխտաւորները Հայր Զաքէոսի առաջնորդութամբ քալեցին Յիսուս Քրիստոսի «Խաչի Ճանապարհը» որ ունէր 14 կայաններ Պիղատոսի պալատէն դէպի Ս. Յարութեան Տաճարը։ Իսկ երեկոյեան Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ բոլոր հայ ուխտաւորները մասնակցեցան «Ճրագալոյց»ի Ս. Պատարագին։

Կիրակի առաւօտ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ բոլոր հայ ուխտաւորները մասնակցեցան Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ մատուցուած Զատկական Ս. Պատարագին ու բոլոր հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Պոլսահայ ուխտաւորները առիթն ունեցան նոյն օրը այցելելու Բեթհեզդան, Ս. Աննա եկեղեցին ու Տիրամօր ննջման վայրը։ Ուխտաւորներուն մէկ մասը այցելեցին նաեւ Ս. Ղազարոսի եկեղեցին ու Մեռեալ Ծովը։ Իսկ երեկոյեան ժամերուն Հայր Զաքէոսն ու քանի մը ուխտաւորներ ներկայ եղան Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի պարտէզին մէջ կատարուած հանդիսաւոր «Անդաստան»ին։ 6 Մայիս երկուշաբթի օրը Պոլսահայ ուխտաւորները յաջորդաբար այցելեցին Համբարձման վայրը ու Հայոց Ս. Սեղանը, «Հայր Մեր»ի եկեղեցին, Ձիթենեաց Լեռան «Տոմինուս Ֆլէվիթ»ը, Գեթսեմանիի Պարտէզը, Աստուածամօր Սուրբ Գերեզմանը, Վերնատունն ու Դաւիթ մարգարէի շիրիմը եւ վերջապէս Ս. Պետրոս Առաքեալի «Աքաղաղը Կանչեց» եկեղեցին։

7 Մայիս երեքշաբթի առաւօտ Պոլսահայ ուխտաւորները մասնակցեցան Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած «Ուխտաւորաց» Պատարագին եւ ապա նոյն օրը երեկոյեան ժամերուն վերադարձան Ստանպուլ։

jerusalem 2