ԱՒՍՏՐԱԼԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

avustralyaԱւստրալիոյ Մէլպըրն քաղաքէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ Աւստրալիոյ Միջմշակութային Երկխօսութեան Հիմնարկէն Ահմէթ Օրհան Փօլաթի, 10 Մայիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբը կը բաղկանար 10 հոգիներէ, որոնք Մէլպըրնի Լա Թրօպ Համալսարանի եւ Միջմշակութային Երկխօսութեան Հիմնարկի համագործակցութեամբ կատարուած աշխատանքներուն կ՚անդամակցէին ու կը գտնուէին քաղաքս։ Այս առումով, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին մասին, ապա պատասխանեց այցելուներու հարցումներուն։

Այցելութեան աւարտին, ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան։