ԱՒՍՏՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

avustriaԱւտրիոյ աւագ հիւպատոս՝ Քրիստին Վէնտլ, 23 Մայիս 2014, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։