Ա.Մ.Ն.Է ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

abdԱ.Մ.Ն.ի Փէնսիլվանիա նահանգի Էլիկնի Քօլէճի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօսերուն, 30 Մայիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 09.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբը, կը բաղկանար քօլէճի աստուածաբանական եւ իմաստասիրութեան սաներէն, որոնք քաղաքս այցելած էին, իրենց ստացած դասերու հետ առընչուած նիւթերուն շուրջ պրպտումներ կատարելու համար։ Այս առումով, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ տեսնել Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին մասին, ապա պատասխանեց այցելուներու հարցումներուն։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։