Ա.Մ.Ն.Է ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

san diagoԱ.Մ.Ն.ու Գալիֆորնիա նահանքի Սան Տիակո Համալսարանէն համալսարանական խումբ մը, 17 Յունիս 2014, Երեքշաբթի, ժամը 14.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Աշակերտները, ուսանողական ծրագրով մը, Պահչէշէհիր Համալսարանի մէջ դասընթացքներու կը մասնակցէին։ Իրենց կեցութեան օրերուն, Հայ Համայնքի մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, այցելած էին Պատրիարքարան։

Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան։