Ա.Մ.Ն.ՈՒ ՅՈՒՆԱՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՓՐՕՖ. ՏՔԹ. ԷԼՓԻՏՈՖՈՐՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Կրօնական,Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Ա.Մ.Ն.ու Յունաց Արքեպիսկոպոս Փրօֆ. Տքթ. Էլֆիտոֆորոս Սրբազանը։

Սրբազանը քաղաքս կը գտնուէր Սուրբ Սինոտի ժողովի մասնակցելու նպատակաւ եւ այս կեցութիւնը առիթ համարելով փափաքած էր Նորին Ամենապատուութիւնը այցելել ու անձամբ շնորհաւորել իր ընտրութիւնը։ ՍրբազանՀայրը, որ վաղեմի բարեկամն է Պատրիարք Սրբազան Հօր, երջանկութեամբ դիմաւորած էր Սահակ Բ. Պատրիարքի ընտրութեան բարեբաստիկ լուրը։ Ան, անցեալին Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի անդամակցած ու “Christianity Fundamental Teachings” (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքին պատրաստութեան ընթացքին, Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ գործակցած էր։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, երկու հոգեւոր առաջնորդներ անդրադարձան Քորոնա Համավարակի եկեղեցական ու համայնքային կեանքէ ներս թողած ազդեցութեան։ Անոնք մաղթեցին որ այս շրջանը գնայուն ըլլայ։

ELPIDOFOROS

Մեր Հոգեւոր Պետը, ոգեւորիչ կը համարէր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին եւ Ա.Մ.Ն.ու Յունաց Արքեպիսկոպոսի հանդիպումը։ Սոյն հանիպումը շատ արժէք կը ներկայացնէր, քանի ի Քրիստոս երկու բարեկամներ ամիսներ յետոյ Պոլսոյ մէջ զրուցելու առիթը կ՚ունենային։ Պատրիարք Հայրը եւս յայտնեց թէ կը հետեւէր Սուրբ Սինոտի ժողովին եւ մաղթեց որ նոր սուրբերու սրբադասումը, օրհնաբեր ըլլայ եկեղեցւոյ համար։ Զրոյցի ընթացքին յիշատակուեցան անցեալի պտղաբեր աշխատութիւնները։ Պատրիարք Հայրը, քաղաքավարական այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Էլփիտոֆորոս Սրբազանին եւ Ա.Մ.Ն.ու դժուարին պարտականութեան մէջ իրեն մաղթեց կարողութիւն։