Ս. Յակոբ Գլխադիր Եկեղեցի, Ալթըմէրմէր

Հասցէ

(Kırımlı Aziz Sok. No: 16, 34098 Altımermer)

Հեռ.՝  (0212) 588-3417

Այս եկեղեցին կ՚ենթադրուի թէ գոյութիւն ունեցած է 19րդ դարէն առաջ։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, եկեղեցին առաջին անգամ նորոգութեան ենթարկուած է 1839ին։ Յետագային, Յակոբոս Պատրիարք Սերոբեանի շրջանին վերանորոգուեցաւ եւ 1858ին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Նկատելով որ հինցած փայտաշէն եկեղեցին վտանգ կը սպառնար, 1891ին նոր կառուցման արտօնութիւն ստացուեցաւ եւ եկեղեցին վերակառուցուեցաւ թաղային սնտուկին ու Կեսարացի սեղանաւոր Բարսեղ Իսթանպուլլեանի օժանդակութեամբ։ Բացումը կատարուեցաւ 1892ին Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի շրջանին։ Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 2012 թուականին եւ պաշտամունքի բացուած՝ ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեանի։

Քարտէս