ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՏԻՐԱՅՐ Ս. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

128Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ զոյգ թեմերու առաջնորդ Բարձր. Տ. Տիրայր Արքեպիսկոպոս Մարտիկեան իր ծննդեան 75-րդ, վարդապետութեան 50-րդ եւ առաջնորդութեան 45-րդ  տարեդարձներուն առթիւ՝ 23 Յուլիս 2005, Շաբաթ երեկոյ Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ  Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուած համայնքային ընթրիքով մեծարուեցաւ։

129Առաջնորդ Սրբազանն Հօր ի պատիւ սարքուած ընդունելութեան ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր դասը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ռումանիոյ մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Եղիշէ Սարգիսեան եւ կողակիցը, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Թուրքիոյ գրասենեակի Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ՝ Կարէն Միրզոյեան եւ կողակիցը, Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ կողակիցը, այլ բարերարներ եւ համայնքային դէմքեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր արժանիքներուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ պոլսահայ համայնքը իր սէրն ու յարգանքը կը յայտնէր Նորին Սրբազնութեան, որ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի շրջանէն սկսեալ կ՚այցելէր մեր քաղաքը եւ կ՛աղօթակցէր մեր հոգեւոր դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, ու իր քարոզութեամբ կը մխիթարէր ժողովուրդը։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ առաջնորդական ասա մը նուիրեց Տիրայր Սրբազանին եւ ըրաւ արեւշատ տարիներու մաղթանքներ։

Ապա խօսեցաւ Դեսպան Եղիշէ Սարգիսեան, վեր առնելով Տիրայր Սրբազանի արժանիքները, մեծարման սոյն հանդիսութեան առիթով իրեն նուիրեց փորագրուած փայտեայ ձեռագործ պտղաման մը։

Յարգելի Դեսպանը յուշանուէր մը յանձնեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան եւ շնորհակալութիւն յատնեց ընծայուած հիւրասիրութեան եւ պատիւին համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին իւղաներկ նկար մը նուիրեց յարգելի Դեսպանին։

Խօսելու հրաւիրուեցաւ նաեւ Ռոպէր Հատտէճեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր արժանիքները, որով այնքան սիրուած ու յարգուած էր Պոլսոյ մէջ, որքան իր առաջնորդած զոյգ թեմերուն շրջանակներուն մէջ։

Հուսկ արտայայտուեցաւ Տիրայր Սրբազան, որ երախտագիտութեամբ յիշեց իր կեանքի տառապալից մէկ շրջանին Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վայելած ասպնջականութիւնը, թէ բժշկական դասուն եւ թէ հոգելոյս Փիլօ Աթանի գլխաւորած Հոգաբարձութեան անդամներուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ համայնքային վարիչներուն եւ բարերարներուն, որոնք սիրով շրջապատած էին զինքը, իր կեանքի երեք բերկրառիթ հանգրուաններու յիշատակութեան առթիւ։

Ուրախ մթնոլորտի մէջ մինչեւ ուշ ժամերը տեւող ընդունելութեան աւարտին մասնակիցներ իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Տիրայր Սրբազան Հօր։

  • 130
  • 131
  • 132
  • 133
  • 134
  • 135
  • 137