ԲԱՐՁՐ. Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

18Հայ Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի գահակալութեան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 Յունիս 2013, Երեքշաբթի երեկոյեան։ Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ սոյն հանդիսութեան կը մասնակցի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական գործերու վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանն ու Տեղեկատուական եւ Հրատարակչական բաժնի վարիչ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը։

ՄԵԿՆՈՒՄ – ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԺԱՄԱՆՈՒՄ
Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները, 3 Յունիս 2013, Երկուշաբթի միջօրէին Եշիլգիւղի Աթաթիւրք օդակայանէն մեկնեցան եւ ժամը 15.00-ին հասան Թէլ Ավիվի Պէն Կուրիոն օդակայանը, ուր դիմաւորուեցան Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցան պատմական Երուսաղէմի Եաֆայի Դրան մօտ Կլորիա հիւրանոցը։

ԱՅՑ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Հիւրանոց իջեւանելէ անմիջապէս յետոյ, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ առաջնորդուեցան Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռոյ Ժառանգաւորաց Վարժարանը, որու մուտքին դիմաւորուեցան Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեանի կողմէ։

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, նոյն օր ծննդեան տարեդարձն էր Տրց. Անդրանիկ Յովհաննէսեանի եւ Նորին Սրբազնութեան հարազատներէն Տրց. Արամ Պէսքիսիզեանի։ Նոյն ուրախ առթիւ սարքուած սիրոյ սեղանին մասնակցեցան Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները։ Սեղանի ընթացքին սեղանակիցներ երգեցին, իսկ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր ժառանգաւորաց Վարժարանի ուսանողութեան տարիներէն դրուագներ պատմեց եւ խրատներ տուաւ։

Սիրոյ սեղանի աւարտին խօսք առաւ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան եւ տեղեկութիւններ տուաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ սաներուն մասին։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կան սաներ, որոնք ի մօտոյ ձեռնադրուելով կը մտնեն Տիրոջ դաշտին մէջ որպէս մշակներ ծառայելու եւ յոյս յայտնեց որ անոնք օրինակ պիտի հանդիսանան իրենց յաջորդ սերունդներուն։

Տէրունական Աղօթքով եւ Արամ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ ոգեւոր սոյն սիրոյ սեղանը։

ՀԻՒՐԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆՈՒՄ
Մինչ այդ կը ժամանեն Նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներն ու զանազան թեմակալ առաջնորդներ։ Ժամանեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոսը, Ա.Մ.Ն.ու Արեւելեան թեմի Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոսը, Ուաշինկթընի Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպիսկոպոսը։

Իսկ 4 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի գահակալութեան հանդիսութիւնը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ Երուսաղէմի 97րդ գահակալ՝ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը 4 Յունիս 2013, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ կատարուած հանդիսութեամբ ստացաւ Պատրիարքական ասան եւ բարձրացաւ Ս. Յակոբեանց Առաքելոց Ս. Աթոռը։ Հանդիսութեանց յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական յարաբերութեանց վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Հրատարակութեանց եւ Տեղեկատուական բաժնի վարիչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պատուիրակութիւնը, 4 Յունիս 2013,Երեքշաբթի առաւօտ, ժամը 10.00-ին այցելեց Ս. Յակոբեանց Մայրավանք եւ իր առժամեայ պաշտօնարանին մէջ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարքի կողմէ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Պոլսոյ Աթոռի այսպէս պատուիրակութեամբ մը մասնակցութեան համար։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս անգամ մը եւս շնորհաւորեց նորընտիր Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ այս ուրախ առթիւ Երուսաղէմ կը գտնուէր բաժնելու համար Սբրոց Յակոբեանց Միաբանութեան ուրախութիւնը։

Մտերմիկ ու հաճելի զրոյցէ յետոյ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս եւ ընկերակիցները հրաժեշտ առին Նորին Ամենապատուութենէն։

ՀԻՒՐԵՐ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ
Գահակալութեան հանդիսութեան մասնակցելու նպատակաւ ժամանած էին բացի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ պատուիրակութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Կիպրոսի Գերշ. Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոսը, Ա.Մ.Ն.ու Արեւելեան թեմի Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոսը, Ուաշինկթընի Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպիսկոպոսը։ Հասան նաեւ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներէն՝ Թէհրանի Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոսը, Լոնտոնի Գերշ. Տ. Վահան Եպիսկոպոսը։

ՈՒԽՏԻ ԱՅՑ՝ Ս. ԳԵՐԵԶՄԱՆ
Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս եւ ընկերակիցները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելելէ յետոյ, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեանի այցելեցին Ս. Յարութեան Տաճար։ Բարձր. Տ. Արամ, Գերշ. Տ. Նաթան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազաններն ու Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Տեսչարանին մէջ տեղւոյն միաբաններուն հետ զրուցելէ յետոյ, մտան Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։ Անոնք այցելեցին նաեւ Գիւտ Խաչի վայրը, Յովսէփ Արեմաթացիի գերեզմանը, զանազան սրբավայրեր, ապա դարձան Ս. Յակոբեանց Մայրավանք եւ միաբանական սեղանատան մէջ ճաշեցին։

11   ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, 4 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Պատրիարքարանէն սկսաւ ասայի տուուչութեան եւ գահակալութեան հանդիսութիւնը։ Հոգեւորականներու երկար թափոր մը Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը շարականներու երգակցութեամբ, խունկ ու մոմով Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճար առաջնորդեց, ուր Երուսաղէմի բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, միջկրօնական եւ պետական ներկայացուցիչներ, արտասահմանէն ժամանած հիւրեր եւ Երուսաղէմի ժողովուրդը կը սպասէին։ Այստեղ՝ Ս. Յակոբ Գլխադրի մատրան մէջ կատարուեցաւ կարճ Աղօթասացութիւն, ապա փոքր ատեանի մէջ կատարուեցաւ սաղմոսասացութիւն։

1216Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Կիպրոսի Գերշ. Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոսը, Ս. Երուսաղէմի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս, Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս, Ա.Մ.Ն.ու Արեւելեան թեմի Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներէն՝ Թէհրանի Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս, Ուաշինկթընի Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպիսկոպոս, Լոնտոնի Գերշ. Տ. Վահան Եպիսկոպոս միասնաբար բեմ առաջնորդեցին Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

13Յանուն Հայ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան՝ ուղերձ մը կարդաց Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս եւ անգամ մը եւս յայտնելով իր ուրախութիւնը Նորին Ամենապատուութեան ընտրութեան առթիւ, ըսաւ որ սոյն ընտրութիւնը կոչ մըն է, արժանի ժառանգորդը դառնալու նախահայրերու, բազմելով նուիրական սոյն Սուրբ Աթոռին վրայ, ծառայութեամբ եւ հաւատքի անխախտ նուիրումով առաւել եւս պայծառացնելու համար զայն։

Սրբազան Հայրը ուղերձէն յետոյ, Նուրհան Պատրիարք Հօր յանձնեց Պատրիարքական պատմական ասան։

Ապա Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը ծունկի գալով կարդաց իր ուխտը.

Խոստանամ եւ ուխտեմ առաջի Աստուծոյ եւ Սրբոյ Սեղանոյս, խղճի մտօք եւ հաւատարմութեամբ առնել գործադրութիւն կարգաց, կանոնաց եւ աւանդութեանց Միաբանութեան Առաքելական Աթոռոյս Սրբոց Յակոբեանց, այլեւ հաւատարմութեամբ եւ աչալրջութեամբ հսկել պահպանութեան Հայկական իրաւանց ի Սուրբ Տեղիս։ Ուխտեմ լինել հաւատարիմ կանոնաց եւ աւանդութեանց Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ճանաչել զհոգեւոր իշխանութիւն Սրբազնագոյն Կաթուղիկոսին Ամենայն Հայոց, որ ի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ընկալցի Տէր զուխտս մեր, այց արասցէ եւ օգնեսցէ մեզ Տէր, ի վաղորդայնէ մինչեւ ի վաղորդայն։

2122Յետոյ, Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ուղերձը կարդաց Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղերձը՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արքեպս. Հէրկէլեան։

Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան կարդաց հետեւեալ ուղերձը.

ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԲԱՐՁՐ. Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Այսօր, շատ սիրով մեկտեղուեցանք, բաժնեկից դառնալու դարաւոր ու պատմական Սրբոց Յակոբեանց Վանքին երդիքին տակ ծաւալող հոգեւոր ուրախութեան։

Վերջին անգամ մորմոքած սրտով այցելած էինք Ս. Երուսաղէմ, յուղարկաւորելու համար մեր եկեղեցւոյ մեծանուն հոգեւորականներէն բոլորիս սիրելի ու յարգելի Ս. Երուսաղէմի Երանաշնորհ Տ. Թորգոմ Ս. Պատրիարք Հայրը։

1

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ սուգի քօղով ծածկուած Առաքելական Ս. Աթոռը, իր վրայէն թօթափեց սուգի տրտմութիւնը, Իր  զինուորեալ միաբանութեան անդամներուն Աստուծոյ Ս. Հոգւոյն առաջնորդութեան ապաւինելով կատարած ընտրութեամբ։ Այսօր Ս. Աթոռը ունի Իր նոր գահակալը, յանձին Ն. Ա. Տ. Նուրհան Ս. Արքեպիսկոպոսի։ Մենք ի բոլոր սրտէ բարձրաղաղակ կը գոչենք. Արժան եւ իրաւ։ Որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ առօրեային հետ հետաքրքիր ամէն ազգայինի համար ծանօթ է Նորին Ամենապատուութեան որպէս լուսարարապետ կատարած անձնդիր ծառայութիւնը, յատկապէս Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հիւանդութեան շրջանին։ Միաբանական իր ուխտին գիտակցութեամբը, ծառայեց եւ գործեց, ջանաց միշտ բարձր պահել Ս. Յակոբեանց Վանքին ու Պատրիարքական Աթոռին վարկը, բնականաբար իր կողքին ունենալով ուխտապահ միաբան հայրերը, իրենց անսակարկ նուիրումով։

Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը, նոյնինքն զոհողութեամբ տարուած ծառայութեան ու նուիրումի մը պատմութիւնն է։ Հակառակ դարերու ընթացքին ապրուած նեղութեանց, դժուարութեանց, մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակները գիտցած են գնահատել մեր այս պատմական վանքը եւ Պատրիարքական Աթոռը։ Ս. Երուսաղէմի քարերը կը խօսին, պատմելով մեր ժողովուրդի նուիրաբերումները։ Իւրաքանչիւր ուխտաւոր, մօտէն կամ հեռուէն գիտցած է իր լուման ու ճակտին քրտինքը հոսեցնել մեր այս հոգեւոր անդաստանին ուռճացման համար։ Եւ ինչո՞ւ չէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւս, ուխտաւոր ու նուիրատու ժողովուրդին առընթեր, եղբայրական անխզելի կապով, միացած է Երուսաղէմի Ս. Աթոռին, նուիրականացած՝ երանաշնորհ երկու պատրիարքներու՝ Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցիի եւ Երուսաղէմի Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքի օրհնութիւններով։

Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի շնորհիւ Ս. Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին երդիքին տակ թեւածած է Արմաշու երբեմնի Դպրեվանքի ոգին, որուն ներկայութիւնը այլ խորհրդանշական կապ մըն է Ս. Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական Աթոռներու միջեւ։ Մենք, մեր աշակերտու¬թեան շրջանին շնչած ենք Ս. Երուսաղէմի այդ մաքուր մթնոլորտը,  զգացած ենք, թէ զոյգ Աթոռները որքան սրտամօտիկ եղած են իրարու։ Եւ այդ սրտամօտիկութիւնը չէ՞ միթէ որ ստեղծած է առողջ գործակցութեան միջավայրը անցեալին, որ կը շարունակուի ներկայիս ու պիտի շարունակուի ընդմիշտ։ Ս. Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ համար անյեղլի ճշմարտութիւն է, թէ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական այս երկու Աթոռները, իրարու նկատմամբ ունեցած զօրակցութեան մէջ գտած են իրենց գոյութեան կռուանը։

2Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր,
Այս նուիրական պահուն, Ձերդ Ամենապատուութիւնը կը հաւաստիացնենք, թէ մենք ի բոլոր սրտէ պիտի աղօթակցինք Ս. Աթոռի ողջ միաբանութեան։ Ս. Աթոռի միաբանութիւնը իր վստահութիւնը յայտնեց Ձերդ Ամենապատուութեան անձին նկատմամբ։ Մենք վստահ ենք, թէ Դուք արժանի էիք այդ վստահութեան եւ Մենք եւս կու գանք յայտնել մեր վստահութիւնը, նախ որպէս երբեմնի աշակերտը այս նուիրական յարկին, ապա՝ որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ թարգման հանդիսանալով մեր աթոռի հոգեւոր դասուն։ Այսօր Ձեր ձեռքը դրած էք մաճին վրայ։ Երբ, ըստ նախընթացի պիտի շարունակէք տէր կանգնիլ մեր սրբատեղեաց անգին իրաւունքներուն, վստահ եղէք, թէ առանձին չէք։ Սրբատեղիներու սեպհականատէրը՝ Հայ ժողովուրդը, յատկապէս աղօթասէր ու աղօթանուէր հաւատացեալները Ձեր կողքին են, իրենց սրտի բարի մաղթանքներով։ Վստահ ենք, թէ Ձեր ամբարած վարչական փորձառութիւնը, նաեւ ամենակենսականը՝ որ է Քրիստոսակոխ Սուրբ Վայրերու ինքնաբուղխ օրհնութիւնը, պիտի դիւրացնեն Ձեր պաշտօնավարութիւնը։ Ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք, որ Ձեր հովուապետական մականը մնայ ծաղկեալ։ Նաեւ վստահ ենք, թէ ձեր լծակիցները պիտի լսեն Ձեր ցուցմունքներուն ու պիտի հնազանդին Ձեզի, որպէսզի Դուք պաշտօնավարէք ուրախութեամբ եւ կը հաւատանք, որ «խաղաղութեան Աստուածը, որ մեռելներէն վեր հանեց ոչխարներու մեծ հովիւը՝ մեր Տէր Յիսուսը, յաւիտենական ուխտի արիւնով, հաստատ պիտի պահէ Ձեզ բարի գործերու մէջ, որպէսզի կատարէք իր կամքը։ Եւ մեր մէջ պիտի կատարէ Իրեն հաճելի եղող բաները Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փառք յաւիտեանս. ամէն»։

3Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր,
Յանուն Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, Պատկառելի Կրօնա¬կան Ժողովին, Հոգեւորականաց Դասուն, համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարիչներուն ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք սրտագինս շնորհաւորել Ձերդ Ամենապատուութիւնը եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ուխտապահ անդամները։ Կþաղօթենք, որ մեր Երկնաւոր Հայրը անսասան պահէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Սրբոց Յակոբեանց Առաքելական Աթոռին պարգեւէ շինութիւն եւ պայծառութիւն։ Դարձեալ մեր աղօթքն է, որ Տէր Աստուծոյ անսպառելի շնորհքներով օծուն, առատաբեր նոր մշակներ անպակաս ըլլան Սրբոց Յակոբեանց Վանքի նուիրական երդիքին տակ, ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն Առաքելական Ս. Աթոռոյն Երուսաղիմայ եւ ի մխիթարութիւն ու հոգեւոր շինութիւն մերազն հաւատացելոց։

Ուղերձի աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր յանձնեց գեղեցիկ սկիհ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր.

Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան առթիւ Կ. Պօլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն ի Քրիստոս սիրով եւ յաջողութեան մաղթանքներով։ 4 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճար

Ապա Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը կարդաց իր ուղերձը Տէր Աստուած իմ փառաւոր արարից զքեզ, օրհնեցից զանուն քո, զի արարեր սքանչելի իրս …  (Եսայի ԻԵ.1) բնաբանով.

Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՈՒՂԵՐՁԸ

51971 թուին  էր երբ առաջին անգամ կատարեցի իմ ուխտս այս սուրբ Սեղանին առջեւ, ծառայելու բոլորով սրտիւ այս Սրբազան Աթոռին. եւ 1998 թուին, Լուսարարապետ ընտրութեանս առթիւ, խղճմտանքիս խորանին առջեւ սրտանց կատարեցի իմ ուխտը, Առաքեալին հետ ըսելով. »Ես կապեալ հոգւով երթամ յԵրուսաղէմ«:   Ու այդ վայրկեանէն իսկ հոգիս աւելի կապուեցաւ այս Հաստատութեան իտէալին:  Սակայն բախտորոշ այն օրը երբ անարժանս ընտրուեցաւ իբր 97-րդ Պատրիարքը այս սուրբ եւ պատմական Աթոռին, իմ ուխտը եղաւ ամբողջ եւ անսակարկ էութեամբ նուիրուիլ այս դարաւոր եւ փառաւոր Հաստատութեան բարի ու շինիչ սկզբունքներուն:

Եւ սակայն հիմա, երբ կը ստանամ Հովուական այս ցուպը, կարծէք կը ստանամ ձեռքերէն անոնց՝ որոնք ամբողջ դարեր Աստուծոյ հոգիով առաջնորդեցին այս սրբութիւններուն հովանիին ներքեւ ապրած սիրտերը, ու սարսուռ մը կ՚անցնի ամբողջ էութենէս:  Երջանիկ հոյլը այդ քաջարի հովիւներուն, առաջինէն մինչեւ իմ արժանաւոր հոգեւոր Հայրս եւ Ուսուցիչս, Երջանկայիշատակ Եղիշէ Տ. Արք. Տէրտէրեան, որուն ստուերը կը զգամ թէ առաջնորդած է զիս հոս, թող բոլորն ալ իրենց յաւիտենական հանգիստէն օրհնեն զիս, առաջնորդեն եւ ամրապնդեն իմ տկար քայլերս:   Ըսի թէ արդէն կատարած էի ուխտս, բայց այսօր, մինչ կ՚արտասանէի Պատրիարքական ուխտս, որ զիս ցկեանս կը կապէ այս ծանր, սակայն միաժամանակ քաղցր լուծին, յիշեցի Ս. Գրքին մէջ քանիցս յիշուած այն բացառիկ Ուխտը, »Ուխտն զոր երդուաւ Աստուած հարցն մերոց«, Ուխտ մը զոր Հայր Աստուած կատարած էր այս նոյն բարձունքին՝ Սիոնի Բարձունքին վրայ մեր երանելի ու մեծ նախահայրերուն հետ, պահպանելու իր ժողովուրդն ու անոր ապագան:

Արդարեւ, առանց այսպիսի աստուածային խոստումի մը առթած արիութեան, անկարելի պիտի ըլլար մեր քաջարի նախնիքներուն տոկալու մեր պատմութեան անողոք ճակատագրին ու կարենալ դուրս բերելու մեր ազգային կեանքը անասելի փորձութիւններու եւ դառնութիւններու առապարներէն:  Սակայն չմոռնանք սիրելի հայորդիներ, եթէ Աստուծոյ ուխտն է փրկել մեզ, միւս կողմէն ալ յիշենք որ աստուածային այս ուխտը կ՚իրականանայ  միայն ու միայն մարդկային միջոցներով, մե՛ր միջոցներով, որովհետեւ Մարդը ի՛նքն իսկ է Աստուծոյ ծրագիրներուն գործիքը:  Այն ծառայութիւնը, որ ամենայն յօժա-րութեամբ կը նուիրուի բարի ու վեհ նպատակի մը, աստուածային ուխտա-ռութիւն մըն է, որ Առաքեալին անսուտ խօսքին համաձայն, մարդը գործակից կ՚ընէ »ընդ Աստուծոյ«:

Եթէ մէկ կողմէն չափազանց ուժեղ է  անձիս տկարութեան մասին իմ ունեցած համոզումս, սակայն միւս կողմէն այսօր պատրաստակամութիւն կը յայտնեմ խիզախելու միակ այն պատճառով, որ կը հաւատամ թէ այս նուիրական յարկէն ներս դարերէ ի վեր իրականացած ու ապրող գաղափարն ու գործը պարզապէս հետեւանքն են մարդոց ընդ Աստուծոյ ուխտակցութեան հրաշալի արդիւնքին. մարդիկ՝ որոնք Յոյսի եւ Սիրոյ գաղափարականներէն տոգորուած եւ առինքնուած,  մօտ ամբողջ  տասնեւութ դարեր եկած են խառնելու իրենց հաւատքի սէրը իրենց ճիգի քրտինքին:

Սիրելի Միաբանակից եղբայրներ ի Քրիստոս, ես այսօր եկած եմ անգամ մը եւս այս Սրբազան Հաստատութեան դարաւոր ուխտին խառնելու իմ ՈՒԽՏԸ, իմ անզօր հոգիիս ԻՂՁՆ ու ՅՕԺԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, մի միայն այն վստահութեամբ թէ իմ հետս ուխտակից ունիմ ձեզ բոլորդ, կամովին եւ գիտակցութեամբ ծառայելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Հայ Ժողովուրդին եւ նամանաւանդ  նուիրական այս Սուրբ Աթոռին պատուաբեր կերպով:   Թող միացնենք մեր ջանքերը, որպէսզի ժամանակին մէջ որ կÿապրինք, մենք եւս կարենանք իրագործել »Ուխտն զոր երդուաւ Աստուած հարցն մերոց«, շարունակելու այն ինչ որ մեր երանելի նախնիքները՝ սկսած էին ու մենք պարտինք պատիւով շարունակել:

Եւ որքա՜ն սրտագրաւ կը հնչէ մեր վանական եղբայ-րութիւնը ներկայացնող բառերը կամ անունները. »Ուխտ Միաբանական« ու անոր կողքին՝ »Զինուորեալ Միաբանութիւն«, որոնք կ՚արտացոլացնեն մեր լոկ »Ծառայականներ« ըլլալու կոչումը, թէ ի՞նչ բանի համար կանչուած ենք մենք:  Եթէ մենք իրա՛ւ զինուորներ ենք, նախ պարտինք արդարացնել մեր կոչումն ու ապա մեր վրայ դրուած յոյսերը:  Եւ »ծառայութիւն« բառին լաւագոյն բացատրութիւնը կու տայ Հնդիկ մտածող՝ Ռապինտրանաթ Թակոր, որ կ՚ըսէ. »Քնացայ եւ երազեցի թէ կեանքը հաճոյք էր. արթնցայ եւ տեսայ թէ կեանքը ծառայութիւն էր:  Ծառայեցի եւ այն ատեն միայն հասկցայ թէ կեանքը իրաւ հաճոյք էր«:  Չմոռնանք սիրելի Միաբանակից եղբայրներ, որ մենք բոլորս ծառաներն ենք մեր Երկնաւոր Հօր, եւ Անոր շնորհիւ՝ ծառաները մեր սիրեցեալ Հայ ժողովուրդին, որոնց գերագոյն շահերուն առաջ պարտին տեղի տալ մեր անձնական, մեր Ես-ին շահերը, եւ մեր ոյժերը կեդրոնացնենք միմիայն  այս Սրբազան Հաստատութեան բարեզարդման ու պայծառութեան:

Այս պահուս պիտի ուզէի երախտագիտական իմ զգացումները յայտնել նուիրապետական մեր Աթոռներուն, ազգիս Վեհափառ Հայրապետ՝ Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որոնք իրենց ներկայացուցիչներով, յանձինս՝ Գերշ. Նաթան Արք.ի եւ Վահան Եպս.ի, Անթիլիասէն՝ Գերշ. Տ. Վարուժան եւ Սեպուհ Արքեպիսկոպոսներու, եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսին, իմ օծակից հոգեւոր եղբայրներուս՝ Գերշ. Վիգէն եւ Խաժակ Սրբազաններուն:

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք Ս. Քաղաքի Քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, ինչպէս նաեւ Դիւանագիտական Մարմիններու ներկայացուցիչներուն, եւ ձեզի՝ սիրեցեալ զաւակներ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ. աղօթեցէ՛ք որ Յաւիտենական Քահանայապետը՝ Քրիստոս, մեր սիրեցեալ ազ-գին պարգեւէ  ՍԷՐ եւ ՄԻՈՒԹԻՒՆ յամերամ ժամանակօք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաստատութիւն,  մեր պանծալի Աթոռին՝ առաւել պայծառութիւն, եւ Սրբոյ Ուխտիս Միաբանութեան՝ իմաստութիւն, համերաշ-խութիւն եւ անսա-կարկ նուիրուածութիւն:  Հայր Աստուած միշտ հաւատարիմ եղած է իր խոստումին, մենք եւս հաւատարիմ մնանք մեր ուխտերուն մէջ, ու մեր ընթացքովն ու վարքովը փառաւորենք կամքը Ամենակալին Աստուծոյ, որ է օրհնեալ յաւիտեանս. Ամէն:

Նորին Ամենապատուութիւնը կարդաց նաեւ ուղերձի անգլերէնը, որմէ յետոյ իջնելով բեմէն, բարձրացաւ Ս. Յակոբ Առաքեալի Աթոռը, որպէս անոր 97րդ գահակալը։ Ներկայ հոգեւորականներ, արքեպիսկոպոսներէն մինչեւ դպիրներ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր առջեւ խոնարհելով առին իր աջը։

6

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին կազմուած թափորով, Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը, շարականներու երգակցութեամբ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր հիւրերու համար սարքուեցաւ ընդունելութիւն։