ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական
224

Մեծաւ մասամբ ձեռնադրութեան պատրաստուող երիտասարդներ կը հետեւին արարողութեան

225

Ի հօրէ հայազգի Թէօփանու կայսրուհիի դամբանը

Կաթոլիկ Երիտասարդներու 20-րդ Համաշխարհային Օրը առիթ եղաւ, որ Հռոմի Սրբազան Պապը առաջին անգամ մէկտեղուի աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած ժառանգաւոր ուսանողներու հետ։

Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ., ըստ Վատիկանի աղբիւրներուն, սոյն փոփոխութիւնը ըրած էր ընդգծելու համար, որ երիտասարդներ պէտք է մտածեն նաեւ ձեռնադրեալ սպասաւորութեան մասին։

Երանաշնորհ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը նախորդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին երիտասարդներուն ըսած էր. §Երիտասարդները պէտք է հետեւին իրենց կոչումին¦։

19 Օգոստոս 2005, Ուրբաթ, ժամը 17.00-ին, Բենեդիկտոս Սրբազան Պապը Քէօլնի Սբ. Պանտալէոն Եկեղեցւոյ ընդարձակ պարտէզին մէջ հանդիպում ունեցաւ հազարաւոր երիտասարդներու եւ ժառանգաւոր սաներու հետ։ Սբ. Պանտալէոն Եկեղեցին անցեալին կը պատկանէր Բենեդիկտեան Միաբանութեան եւ Քէօլն քաղաքի հնագոյն տաճարներէն է, ուր, ի դէպ, կը գտնուի նաեւ շիրիմը Թէոփանուի (955-991), որ հայազգի հրամանատարի մը դուստրն էր եւ որ ապա ծնունդ տուաւ Օտտոն Գ. Կայսեր։

226

Բենեդիկտոս ԺԶ. կը նախագահէ արարողութեան

227

§Փրիսթպանտ¦

228

Հայր Ֆրանսիս Մանուկեան

229

Բենեդիկտոս ԺԶ. արարողութեան ընթացքին

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, բազմաթիւ կարտինալներ եւ եպիսկոպոսներ ներկայ եղան ժառանգաւոր սաներու համար կազմակերպուած արարողութեան։ Գերմանացի ժառանգաւոր մը, Ղազախստանէն վարդապետ մը եւ Գանատայէն Կարտինալ Մարկ Ուէլէթ կարճ ելոյթներ ունեցան եւ բացատրեցին թէ ինչպէս որոշած էին հոգեւորական դառնալ։

Արարողութիւնը կատարուեցաւ արդիաշունչ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, զոր հայթայթեց §Փրիսթպանտ¦ կոչուած նուագախումբ մը, որ կը բաղկանար Էմմանուէլ Միաբանութեանանդամ վեց վարդապետներէ։ Իրենցմէ մէկը հայազգի էր՝ Գերյ. Հ. Ֆրանսիս Մանուկեան –  Փարիզէն ֆրանսախօս կաթոլիկ հոգեւորական մը։

Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը ապա պերճիմաստ քարոզ մը խօսեցաւ, որ կը բաղկանար Յիսուս Մանուկին ընծաներ բերող արեւելքի մոգերուն մասին խորհրդածութենէ եւ առաքելութեան պատրաստուող երիտասարդներուն ուղղուած հոգեւոր խրատներէ։

Արարողութեան աւարտին, Ս. Պանտալէոն Եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապն ու Նորին Ամենապատուութիւն Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը ձեռնուեցան ու զիրար ողջունեցին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, §Ձերդ Սրբութիւն, Պոլսոյ մէջ ալ կը սպասենք Ձեզ¦ ըսաւ։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց, որ պատմական քաղաքը մօտիկ ապագային այցելելու փափաք ունի արդէն։