ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԶ ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գլխաւորեց ՀայԵկեղեցւոյ Պատուիրակութիւնը

Հռոմի նորընտիր Քահանայապետ Նորին ՍրբութիւնԲենեդիկտոս ԺԶ Պապի գահակալութեանարարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ, Կիրակի օր։Արարողութեան առթիւ քրիստոնէական բոլորեկեղեցիներու ներկայացուցիչները հաւաքուած էինՎատիկան, շնորհաւորելու Կաթոլիկ Եկեղեցւոյնորընտիր Հոգեւոր Պետին գահակալութիւնը, բաժնեկիցըլլալու քոյր եկեղեցւոյ ուրախութեան եւ աղօթելուՀռոմի Ս. Քահանայապետին արեւշատութեան եւյաջողութեան համար։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւս,ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քահանայ Ուզունեանի23 Ապրիլ Շաբաթ օր, ժամը 13։00-ինՊատրիարքարանէն մեկնեցաւ դէպի Հռոմ։ ՆորինԱմենապատուութիւնը նախ Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Եկեղեցի մտաւ ու կատարեց§Ճանապարհ»ի աղօթքը ապա մեկնեցաւ օդակայան։Նորին Ամենապատուութեան բարի ճանապարհմաղթելու համար օդակայան կը գտնուէին ԵշիլգիւղիՍուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդինատենապետ Մանուէլ Էօքքէ եւ անդամներէն ՄանուէլԷվինկիւլիւ, Պատրիարքարանի Երիտասարդաց խումբէնՌուբէն Մխճեան, Արտա Մխճեան եւ Թամար Քարասու։

Նորին Ամենապատուութիւնը Հռոմ փոխադրողիտալական սաւառնակը ժամը 14։30ին թռիչք առաւԵշիլգիւղէն, եւ տեղական ժամով 16։30-ին վայրէջքկատարեց Հռոմի Ֆիումիչինոյ օդակայանը, ուր Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ ԵկեղեցիներուՄիութեան Քահանայապետական Խորհուրդի ՎարիչՔարտուղար Մոնս. Պրայն Եպս. Ֆարրըլի գլխաւորածպատուիրակութեան կողմէ։ Այնուհետեւ ՆորինԱմենապատուութեան յատկացուած պաշտօնականինքնաշարժը ոստիկանական կառքերովառաջնորդուեցաւ դէպի Կրանտ Հոթել ՓալացցոյՔարբէնիայ հիւրանոցը, որ Տոմուս Մարիա կոչուածեկեղեցական նախկին կեդրոն մըն է։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրանոցի մուտքինհանդիպեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ՝Գերշ. Տ. Ներսէս Ս. Արք. Պոզապալեանի եւ Մեծի ՏաննԿիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ.Նարեկ Ս. Եպս. Ալեմէզեանի հետ։

Ապա  ժամը 20։30-ին հիւրանոցի ճաշարանին մէջ ԱմենՍ. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Հռոմի ՍուրբԱթոռին կողմէ սարքուած ընթիքին։ Ներկայ էինզանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւբարձրաստիճան դէմքեր։ Բարի գալուստի եւշնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ ՔրիստոնէիցՄիութեան Քահանայապետական Խորհուրդինախագահ Կարտինալ Ուալթըր Քէսփըր, որշնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն ներկայութեանհամար։

Իսկ, 24 Ապրիլ Կիրակի առաւօտ, նորինԱմենապատուութիւն եւ բոլոր քոյր եկեղեցիներուներկայացուցիչներ հիւրանոցէն մեկնեցան դէպի Ս.Պետրոս Մայր Տաճար եւ առաջնորդուեցան Տաճարիշքամուտքի առջեւի դարաւանդը, որուն աջակողմըյատկացուած էր Լատին Կաթոլիկ, Արեւելեան Կաթոլիկեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորպետերուն կամ ներկայացուցիչներուն։ Իսկդարաւանդին ձախակողմը տեղ յատկացուած էրնորընտիր Քահանայապետին գահակալութեանարարողութեան մասնակցելու համար ժամանածպետական, դիւանագիտական, քաղաքականպատուիրակութիւններուն։ Գահակալութեան առթիւՍուրբ Պետրոսի հրապարակը լեցուն էր զանազաներկիրներէ եկած հաւատացեալներու խուռներամբազմութիւն մը։

Ս. Պատարագը մատուցանեց նորընտիրՔահանայապետ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶՊապը, որուն հետ համապատարագեցին շուրջ 150կաթոլիկ պատրիարքներ եւ կարտինալներ։Արարողութեան ընթացքին երկու կարտինալներՔահանայապետին յանձնեցին գառնուկի բուրդէհիւսուած Հովուապետական Եմիփորոնը ուՔահանայապետական Մատանին։ ՍրբազանՔահանայապետը իր քարոզին մէջ վեր առաւ իրնախորդին՝ Երանաշնորհ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապիյիշատակը, աղօթք խնդրեց բոլորէն իր անձին համար եւբոլորին եւ մանաւանդ երիտասարդներուն կոչ ուղղեց,որպէսզի իրենց սրտերը բանան մեր Տիրոջ ՅիսուսՔրիստոսին։

Իսկ  երեկոյեան ժամը 16.30-ին ՆորինԱմենապատուութիւնը, ուղեկցութեամբ Հայ եկեղեցւոյպատուիրակութեան միւս անդամներուն՝ Գերշ. Տ.Ներսէս Ս. Արք. Պոզապալեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Ս.Եպս. Ալեմէզեանի, այցելութիւն տուաւ ԵրանաշնորհՅովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի դամբարանը, ուր ՆորինԱմենապատուութիւնը աղօթեց մեծանունՔահանայապետի հոգւոյն ի հանգիստ։ Ապաայցելութիւն տրուեցաւ Սուրբ Պետրոս Առաքեալիդամբարանը, ուր Ամենապատիւ Սրբազան ՊատրիարքՀայրը բարեխօսութիւնը խնդրեց սուրբին եւ §Հոգւոց¦արտասանեց Հայ ժողովուրդի համայն ննջեցելոց եւնահատակաց հոգւոցն ի հանգիստ։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրանոցին մէջողջագուրուեցաւ Գերշ. Տ. Ներսէս Ս. Արք.Պոզապալեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Ս. Եպս. Ալեմէզեանիհետ ու մեկնեցաւ դէպի օդակայան։ Նորին Ամենապատուութեան սաւառակը Հռոմէն մեկնեցաւ տեղական ժամով 21.30-ին եւ Պոլիս հասաւ 00.50-ին եւդիմաւորուեցաւ Ս. Աթոռի միաբաններէն Հոգշ. Հայր Զաքէոս Աբղ. Օհանեանի եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդիանդամներուն կողմէ գլխաւորութեամբ Էֆրիմ Պաղի։

  • 16
  • 17
  • 18
  • 19