ԲԻՒՐԵՂԱՒԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Հ. Հ. Բիւրեղաւանի Արուեստի Դպրոցի սաներ,  գլխաւորութեամբ իրենց առաջնորդ Վարդան Վարդանեանի եւ Դպրոցի Տնօրէն Նարինէ Զաքարեանի 24 Յուլիս 2018, Երեքշաբթի ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ յանուն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի ընդունուեցան Լուսարարապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

BYUREGHAVAN

Հիւրերը յայտնեցին, թէ կ՚անցնէին Ստանպուլէն եւ այս միջոցին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Անոնք յայտնեցին, թէ պատանիները նուագածուներ էին եւ կը շարունակէին իրենց ճամբան դէպի Մաքէտոնիոյ Օհրիտ քաղաքը, ապա պիտի հասնէին Հունգարիոյ Պուտափէշտ քաղաքը, ուր երկու քաղաքներուն մէջ եւս պիտի մասնակցէին երաժշտական փառատօններու։

 

Պատանիներն ու ղեկավարները յայտնեցին, թէ ուրախ էին, որ կը գտնուէին համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ։ Անոնք փափաքեցան ծանօթանալ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ Համայնքի պատմութեան։

 

Գերապատիւ Հայր Սուրբը համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մասին զանազան բացատրութիւններ փոխանցեց ու պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն։ Հայր Սուրբը շեշտեց նաեւ, թէ անոնք իբրեւ մշակոյթի դեսպաններ կը մեկնէին օտար երկիրներ եւ Հայ Մշակոյթի ծառայութիւնը գերադաս արժէքն էր Հայ անունին։ Այդ կարգախօսով պէտք էր ընթանալ միշտ։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն ընդունելութեան համար։

 

Գերապատիւ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց Իր օրհնութիւնները ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։