ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

gisasargavakՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 104րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 81րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուեցան 11 Փետրուար 2013, Կիրակի, Բուն Բարեկենդանին, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ Դպրաց Դասու նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Բրկ. Ատրուշան Ուր. Դպ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Լուսի Գահվէճիօղլուի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս կատարեց կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի։  Ըստ ձեռնադրութեան Մաշտոցի ցուցմունքներուն, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը Արմենակ Գազանճեանի ձախ բազուկին զետեղեց ուրարը եւ յանձնեց Խորհրդատետրը, պատարագիչի զգեստները, դատարկ սկիհը։ Ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց՝ Արմենակ Կիսասարկասագը։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յիշեցուց թէ՝ իւրաքանչիւր ձեռնադրութիւն աւելի պատասխանատուութեամբ ծառայութեան հրաւէր մըն է եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն համար։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած կիսասարկաւագը եւ իրեն նոր աստիճանին մէջ կարողութիւն մաղթեց։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբի հանգուցեալ նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն եւ դպիրներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Շիրինօղլու սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, որոնց եւս հանդիսապետեց՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.։ Հանդիսութեան ընթացքին Դպրաց Դասու անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Բրկ. Արմենակ Կիսասարկաւագին։ Անակնկալով մը նշուեցաւ նաեւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման տասնամեակը։ Տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի եւ Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդի յուշանուէրները յանձնուեցան Հայր Սուրբին։ Սրբազան Հօր հուսկ բանքով իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը։