ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

urar 1Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 158րդ տարեդարձին առթիւ 23 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էր Արժ.Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Սրբազան Հայրը, կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանը, խարտաւիլակութեամբ՝ Արժ.Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

gisasargavak

Նորին Սրբազնութիւնը ուրարակրութեան արտօնութիւն շնորհեց նաեւ Յովսեփ Գույումճեանի, Մկրտիչ Նարլըի, Գարեգին Աւետիքեանի, Սեւան Տէսթիճիի,Գամէր Քասապի, Ճան Էվեաբանի, Ռոպէր Տօղանայի եւ Գէորգ Չամի։

urar 2urar 3

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Գալֆաեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։