ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

23316828_856548794505005_8507340322841060612_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Նոյեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 11.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանի։

Այցելուները, տեղեկութիւններ տուին վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Անգամ մը եւս շեշտեցին թէ վարժարանը իր առաքելութեամբ կը տարբերի համայնքային կրթական շատ մը հաստատութիւններէն եւ այս առումով կ՚ակնկելեն համայնքի զօրակութիւնը։ Բարերարներու զօրակցութեամբ ցարդ կատարուած էին բարեզարդման որոշ աշխատութիւններ, որոնց շնորհիւ մանուկներ աւելի բարւոք պայմաններու ներքեւ կը շարունակէին իրեն ուսման։ Վարչայիններ յանուն Գալֆաեան Տան, շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Տեղապահ Սրբազան Հօր, քանի տարբեր առիթներով իր հայրական հոգածութեամբ կը հետաքրքրուէր Գալֆաեան Տան հետ։ Հոգեւոր հայրերու բարոյական ներկայութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունէր այս հաստատութեան համար։ Այցելուներ, յայտնեցին որ 19 Նոյեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, հոգեհանգստեան Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Գալֆայեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր նաեւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆայեան Տան։ Աշխարհիկ ու հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Տեղապահ Սրբազանը հրաւիրեցին օրուայ հանդիսութեանց նախագահելու։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, սոյն քաղաքավարական այցելութեան առթիւ յայտնեց իր ուրախութիւնը։ Ինք եւս յիշեցուց թէ Պոլսահայ իրականութեան մէջ Գալֆաեան Տունը աւանդն էր Սրբուհի Մայրապետի եւ հաստատութիւնը կը շարունակէր իր սուրբ առաքելութեան։ Ինք տարբեր առիթներով լսած էր վարժարանի գործունէութեան մասին եւ միշտ կը մաղթէր որպէսզի այս սուրբ յարկը յաղթահարէ բոլոր նեղութիւնները, մանաւանդ նիւթական գետնի վրայ։ Այնուհետեւ վստահեցուց թէ, իր ուշադրութեան առարկայ է նաեւ այս վարժարանը։ Սրբազան Հայրը, մօտալուտ մատաղօրհնութեան սեմին կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Գալֆաեան Ընտանիքի բոլոր անդամներուն։